Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Մատենաշարի Մեկնարկումին ու Անոր Անդրանիկ Հրատարակութեան Շնորհանդէսին Արտասանուած Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի Եզրափակիչ Խօսքը

Անցեալի քաղաքակրթութիւններու մասին մեզի հասած բոլոր տեղեկութիւնները տուեալ քաղաքակրթութիւնը պատմութեան փոխանցած է իր ունեցած գիրին ու գրականութեան շնորհիւ: Մենք այսօր մանրամասնութիւններ գիտենք այն  քաղաքակրթութիւններու  մասին միայն, որոնք օգտագործելով զանազան միջոցներ (ժայռի վրայ փորագրութիւն, կաւէ տախտակներ, մագաղաթ, վերջապէս թուղթ) փորձած են իրենց պատմութիւնը ժառանգ ձգել յաջորդող սերունդներուն:

Հետեւաբար, այն ժողովուրդը կամ հաւաքականութիւնը, որ չէ ունեցած նման մտածում եւ միջոց, անհետ կորսուած է մարդկային պատմութեան էջերէն:

Այսօր իսկ, ժողովուրդի մը քաղաքակրթութեան ու մարդկային  զարգացման ինչ հանգրուանի վրայ գտնուելու չափանիշներէն կարեւորագոյնն է տարուայ մը ընթացքին անոր հրատարակած գիրքերուն քանակը:

Երբ «Զարթօնք»ի անունով մատենաշար մը հիմնելու գաղափարը ինծի ներկայացուեցաւ, փոքրիկ ուսումնասիրութիւն մը ուզեցի կատարել՝ տեսնելու, որ մեր ժողովուրդը ո՞ւր կը գտնուի այս աստիճանին վրայ: Պատկերը հետեւեալն էր.

Մեր ժողովուրդի պարագային հայերէն լեզուով հրատարակուող գիրքերու բնօրրանը բնականաբար Հայաստանն է: Ըստ վերջին ստոյգ տուեալներուն, որ գտայ, Հայաստանի պարագային իւրաքանչիւր մէկ միլիոն բնակիչի համեմատութեամբ հրատարակուած է 105 անուն գիրք (հետեւաբար նոյն տարեշրջանին վրայ հիմնեցի միւս երկիրներուն տուեալները, ճիշդ համեմատական մը ստեղծելու համար): Հայկական սփիւռքի մէջ պատկերը անշուշտ տխուր է ուր իւրաքանչիւր մէկ միլիոն սփիւռքահայու համեմատութեամբ հրատարակուած գիրքերու քանակը երկու տասնեակը չ’անցնիր…:

Միջազգային չափանիշով մարդկային զարգացման ցած մակարդակի վրայ գտնուող արաբական աշխարհի մէջ, մէկ միլիոն բնակչութեան համեմատութեամբ տուեալ տարին նոյնպէս հրատարակուած է շուրջ 100 անուն գիրք: Միւս կողմէ նոյն տարին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ միլիոն բնակիչի համեմատութեամբ հրատարակուած է 248 անուն գիրք, Իսրայէլի մէջ օրինակի համար հրատարակուած է 416 անուն գիրք, իսկ Ճափոնի մէջ՝ 450 անուն գիրք…: Դուք եզրակացուցէք, սիրելիներ:

Վերջերս սովորութիւն դարձած է ամբաստանել արհեստագիտութիւնը, թէ ան պատճառ կը հանդիսանայ սերունդները գիրքէ եւ գիրէ հեռու պահելու, սակայն եթէ հիմնուինք վերի տուեալներուն վրայ, պիտի տեսնենք, որ երրորդ աշխարհի հետ համեմատած Ճափոնի մէջ, ուր արհեստագիտութեան օգտագործումը շատ աւելի բարձր տոկոս կ’արձանագրէ, քան մեր մօտ (արաբական աշխարհի մէջ համացանց օգտագործողները ընդհանուր բնակչութեան 4 առ հարիւրը կը կազմեն, մինչ Ճաբոնի մէջ 40 առ հարիւրը), իր հրատարակած գիրքերու քանակը քառապատիկ աւելի բարձր է: Հետեւաբար խնդիրը արհեստագիտութեան մէջ չէ, այլ գիրքի ու գրականութեան հանդէպ հաւատքին:

Հիմնուելով վերի տուեալներուն վրայ եւ ընդհանրապէս  կարելի չէր մեր տղոց մատենաշար հիմնելու համար ներկայացուցած ազնիւ գաղափարը մերժել: Ընդհակառակը:

Երրորդ աշխարհի մէջ, ուր կ’ապրինք, Beirut Souks դուստրերուս հաստատութեան մօտը կը գտնուի հսկայ գրախանութ մը՝ ձեզի ծանօթ Librarie Antoineը: Այնտեղ ես ականատես կ’ըլլամ, որ ինչպէս տարուէ-տարի ցուցադրուած գիրքերու քանակը ու անոնց տրամադրուած տեղի տարածութիւնը կը պակսի եւ տեղ կու տայ gadgetներու եւ նուէրի պիտանի այլ եւ այլ արտադրութիւններու: Այս մէկը դառն իրականութիւն է, սակայն տուեալ գրախանութը առեւտրական հաստատութիւն է ու կ’ենթարկուի արտադրութեան եւ պահանջքի (supply and demand) օրէնքներուն, մինչ մերը՝ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ է: Մեր կազմակերպութեան գոյութեան նպատակներէն է Հայ գիրի եւ գիրքի տարածումը: Այս մեր հաւատքն է եւ մենք զինուորներն ենք անոր:

Այս պատճառով աւելի քան ողջունելի էր գաղափարը, եւ մենք յանձնառու ենք անոր հետեւողականութեան ու յաջողութեան:

Մենք հպարտ ենք եւ ուրախ, որ առանց սերնդափոխութեան մէջ մեր անձին կամ դիրքին սպառնացող վտանգ տեսնելու կամ անոր բարդոյթովը տառապելու (բան մը, որ մեր շրջապատին մէջ շատ մը երէցներ դժբախտաբար ունեցած են եւ ունին) մեր գործակիցներու հոյլին մէջ մենք կրցած ենք հասցնել ու տեղադրել երիտասարդ տղաք, որոնց կարելի է հայապահպանումի առաքելութեան ջահը վստահութեամբ փոխանցել:

Այս առիթով, շնորհակալութիւն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին այսօրուայ հատորը սիրով խմբագրելուն համար: Շնորհակալութիւն «Զարթօնք»ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին, որուն ներկայացուցած ու իրագործած նոր գաղափարներուն «բեռը» ուրախութեամբ, վստահութեամբ եւ սիրով կը շալկենք: Շնորհակալութիւն ձեզի, սիրելի ներկաներ, որ նման առիթներով կը մէկտեղուիք՝ ցուցաբերելով բարձր գիտակցութիւն եւ վստահութիւն ու յարգանք մեր գործին հանդէպ:

Մենք մեր առաքելութեան հաւատարիմ, այսօր կրցանք Յարութիւն Գալայճեանի մը կտակն ու պատմութիւնը յաջորդ սերունդներուն ապահով փոխանցել: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած այդ հայորդին իր յուշերը բծախնդրութեամբ գրի առած է, որուն բնագիրը տարիներ առաջ մեզի նախորդող պատասխանատուներու մօտ  աւանդ ձգուած է, ինչպէս գիրքի նախաբանին մէջ պիտի կարդաք: Մենք այսօր այս գիրքը նորաստեղծ «ԶԱՐԹՕՆՔ» Մատենաշարի միջոցաւ  տրամադրութեանը տակ կը դնենք մեծ թիւով հայորդիներու, որպէսզի իրենց պատմութիւնը լաւ գիտնան ու իրենց կարգին փոխանցեն իրենց զաւակներուն:

Յարութիւն Գալայճեանի եւ իրեն բախտակից հայորդիներու հոգիները ուրախ կը սաւառնին այսօր:

Մենք հաւատարիմ մեր հաւատալիքին ու առաքելութեան, այսօր նորանուն գիրքով մը համեստօրէն սատարեցինք Հայ մշակոյթի պատմութեան:

Մենք ուրախ ենք այսօր մեր իրագործումով ու յանձնառու՝  շարունակելու մեզի համար մեր ընտրած ուղին մինչեւ այն ատեն, որ նախախնամութիւնը ուժ եւ կարողութիւն կը պարգեւէ մեզի: 

Վարձքը կատար նախաձեռնողներուն: Շնորհակալութիւն բոլորիդ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին