«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ռուսիոյ Դաշնութեան իրաւապահները Մոսկուայի մէջ աշխատող ազրպէյճանցի լրագրող Նամիք Հասանովը կը կասկածին արտասահմանեան յատուկ ծառայութիւններու հետ կապեր ունենալու եւ լրտեսութիւն կատարելու մէջ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հասանովը Պաքու հերթական այցէն վերադառնալով իմացած է, որ Ռուսիոյ մէջ կը կասկածուի լրտեսութեան մէջ:
Օդակայանին մէջ սահմանապահները Նամիք Հասանովը ետ ուղեկցած են ազրպէյճանական տարածք եւ տեղեկացուցած, որ ՌԴ մուտք գործելու պարագային անմիջապէս կը կալանաւորուի: