Ձախէն՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Վեհափառ Հայրապետը, Սեւակ Յակոբեան, Սեդրակ Քիւրէճեան
Երէկ՝ Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութեան պատուիրակութեան:
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի այժմու կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցերուն:
Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց նորընտիր Վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ազգային ծառայութեան մէջ, միաժամանակ շեշտելով միջ-կուսակցական գործակցութեան հրամայականը՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութեան առաւել ամրապնդման: