Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Կիպրոսի Յունական Եւ Թրքական Հատուածներու Միջեւ Երկու Հսկիչ-Անցագրային Կէտ Բացուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Կիպրոսի մէջ Նոյեմբեր 12ին բացուած է երկու հսկիչ-անցագրային կէկ Լեֆքա/Ափլիքի եւ Տերիինիայի ճանապարհներուն: Այդ ճամբաներու երթեւեկութիւնը փակ եղած է 1974 թուականէն՝ թրքական զօրքերու կողմէ կղզիի մէկ մասի զաւթումէն ետք:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես»ը` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, հսկիչ-անցագրային կէտերու յառաջիկայ բացումին մասին Հոկտեմբեր 26ին յայտարարած էին յոյն կիպրացիներու առաջնորդ Նիքոս Անասթասիատիսը եւ թուրք կիպրացիներու առաջնորդ Մուսթաֆա Աքինճին:

Հսկիչ-անցագրային կէտեր բանալու որոշումը կայացուած է 2015 թուականին, սակայն անոր իրականացումը յետաձգուած է: 2016 թուականին աւարտած է ճանապարհներու ականազերծումը, եւ սկսած է անոնց ծածկոյթի վերականգնումը: Այդ ամէնուն իրականացման համար միջոցներ յատկացուած են Եւրամիութեան պիւտճէէն: Հսկիչ-անցագրային կէտերու բացումը կը համարուի վստահութեան հաստատման ամենակարեւոր միջոցներէն մէկը:

 Լեֆքա/Ափլիքի հսկիչ-անցագրային կէտի բացումի հանդիսաւոր արարողութիւնը ուղեկցուած է կիպրական պարերով: Թուրք կիպրացիները հսկիչ-անցագրային կէտը հատողները ողջունած են ձիթապտուղի ճիւղերով եւ անոնց նարինջ ու մանտարին առաջարկած են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին