«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Գաղթականներու հարցերով պետական նախարարի պաշտօնակատար Մուին Մերեհպի Երեքշաբթի ըսաւ, որ սուրիական իշխանութիւնը պէտք է կտրականապէս կասեցնէ սպանութեան, կալանաւորումի, ինչպէս նաեւ զօրակոչի քաղաքականութիւնը Լիբանանէն Սուրիա վերադարձող գաղթականներու նկատմամբ, որպէսզի այլ գաղթականներ եւս քաջալերուին վերադառնալու եւ բնականոն կեանք վարելու իրենց հայրենիքին մէջ: Այս մասին Մերեհպի նշեց հեռարձակուող խորհրդակցութեան ժամանակ:






