Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հարիրի Մեղադրեց Հըզպալլան Կառավարութեան Կազմաւորումը Յետաձգելուն Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի ըսաւ, որ վերջերս կառավարութեան կազմաւորման յոյսերը վերստին յօդս ցնդեցնող կողմը առանձնապէս Հըզպալլա կուսակցութիւնն է: Այս մասին Հարիրի ըսաւ երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի սոյն մեկնաբանութիւնը ուղղակի պատասխան էր Հըզպալլայի գլխաւոր առաջնորդ Հասան Նասրալլայի՝ Շաբաթ օրուան ուղերձին, ուր վերջինս ընդգծեց, որ իր կուսակցութիւնը «մէկ տարի, երկու տարի, նոյնիսկ յաւերժ» պիտի զօրակցի 6 սիւննի անկախ երեսփոխաններու՝ նոր կառավարութեան մէջ առնուազն մէկ նախարարով ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու պահանջին:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին