«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երեքշաբթի հաւաստեց, որ երկրի տնտեսական խնդիրներու լուծումը պիտի ըլլայ յառաջիկայ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահական գրասենեակէն:
«Տնտեսական ճգնաժամը հսկայական աշխատանք կը պահանջէ լուծուելու համար, եւ սա հաստատապէս պիտի ըլլայ յառաջիկայ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը, յատկապէս որ այս լուծումներուն հիմքերը յստակ են եւ պարզապէս կը պահանջեն բոլորի ներդրումը»,- ըսաւ Աուն:






