«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի ըսաւ, որ վերջերս կառավարութեան կազմաւորման յոյսերը վերստին յօդս ցնդեցնող կողմը առանձնապէս Հըզպալլա կուսակցութիւնն է: Այս մասին Հարիրի ըսաւ երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի սոյն մեկնաբանութիւնը ուղղակի պատասխան էր Հըզպալլայի գլխաւոր առաջնորդ Հասան Նասրալլայի՝ Շաբաթ օրուան ուղերձին, ուր վերջինս ընդգծեց, որ իր կուսակցութիւնը «մէկ տարի, երկու տարի, նոյնիսկ յաւերժ» պիտի զօրակցի 6 սիւննի անկախ երեսփոխաններու՝ նոր կառավարութեան մէջ առնուազն մէկ նախարարով ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու պահանջին:






