«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Տիքիլի շրջանէն Էկէեան ծովով Յունաստան հասնիլ փորձող ներգաղթեալներու լաստանաւ խորտակուած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Լաստանաւի խորտակման պատճառները դեռեւս յայտնի չեն:
Լաստանաւուն մէջ գտնուող երկու ներգաղթեալներ յաջողած են լողալով ափ դուրս գալ, իսկ 10 ներգաղթեալներ կը համարուին անյայտ կորսուած:
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ ներգաղթեալները թուրքեր չեն, սակայն անոնց քաղաքացիութեան եւ ազգութեան վերաբերեալ տակաւին լուրեր չեն հաղորդուիր:
Նախորդ ամիս Իզմիր նահանգին մէջ ներգաղթեալներ տեղափոխող լաստանաւ մը եւս խորտակուած էր: Փրկարարները յաջողած էին ջուրէն դուրս հանել 40 ներգաղթեալներէն միայն 9ի դիերը:






