«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Երկուշաբթի հանդիպում ունեցան կառավարութեան կազմաւորման կապակցութեամբ գրանցուած վերջին զարգացումներու լոյսին ներքոյ: Այս մասին կը հաղորդեն Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Նախքան այս, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի միջեւ:
Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք Պասիլ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն՝ ներգրաւուելու կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղին վերացնելու ուղղութեամբ ներդրուող ջանքերուն խոչընդոտ հանդիսացող սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրի լուծման գործին մէջ:






