«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Անցնող ժամերուն ընթացք առած զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին։ Իսրայէլեան ուժեր ծանր հարուածներ կը հասցընեն «Համաս»ի տիրապետութեան տակ գտնուող Կազա շրջանին ուղղութեամբ։ Այս առումով քիչ առաջ հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է «Համաս» շարժումի «Ալ Աքսա» ռատիօկայանը եւ մեծ վնասներ հասցուցած ռատիօկայանի գլխաւոր շէնքին։
Իր կարգին «Ալ Մայատին» կայանը հաղորդեց, որ հակառակ կրած ծանր վնասներուն ռատիօկայանը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը բնականոն ձեւով։
Նշենք, որ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով մինչեւ այս ժամը զոհուած են աւելի քան տասը պաղեստինցիներ։
Յիշեցնենք, որ երկու կողմերուն մէջ բախումները սաստկացան երբ Քֆար Ազզայի մէջ իսրայէլեան փոխադրակառքի մը վրայ յարձակում մը գործուեցաւ, որ ըստ Իսրայէլեան աղբիւրներուն, պատճառ դարձաւ Իսրայէլցի զինուորի մը սպանութեան մինչ պաղեստինեան զինեալ կողմը յայտարարեց, որ իսրայէլեան կորուստներու թիւը աւելի է: