ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը երէկ՝ Երկուշաբթի 12 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան հերթական ժողով մը գումարեց իր կեդրոնատեղիին մէջ: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայութիւնը եւ Լիբանանը յուզող զանազան հարցեր, ի մասնաւորի ներ-լիբանանեան ընկերա-տնտեսական լուրջ խնդիր հանդիսացող՝ ելեկտրականութեան յոռի մատակարարման անլոյծ իրավիճակը:
Ելեկտրածին անձանական մեքենաներու հարցով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կոչ ուղղեց պետական պատասխանատու կողմերուն անյապաղ պարտն ու պատշաճը տնօրինելու անոնց տէրերուն վերաբերեալ, որոնք մենատիրական աշխատելաոճով արդէն իսկ իրենք են, որ կը տնօրինեն քաղաքացիին առօրեայ կեանքը իրենց անօրինական գործով, նկատի ունենալով, որ այդ ելեկտրածին մեքենաները անցեալի պատերազմական պայմաններէ բխած հապճեպ կարգադրութիւն մըն էին կարգ մը մարդոց կողմէ, որ օրերու ընթացքին չարաշահուելով ինքզինք հաստատեց գետնի վրայ առանց իսկ օրինականացուելու:
Լիբանանցի ժողովուրդին փորձը կը հաստատէ, որ մինչեւ այսօր անոնց օրինականութեան հրաւիրելու փորձերը անյաջող դուրս եկած են: Հետեւաբար ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը իր կոչով կը շեշտէ, որ մինչեւ օրս անձնական ելեկտրածիններու բնագաւառի երեւոյթը կանոնաւորելու եւ օրինականացնելու տնօրինումները անբաւարար են եւ այս հարցը պիտի մնայ անլոյծ մինչեւ այն ատեն, որ Լիբանանի ելեկտրականութեան խնդրին արմատական լուծում մը չգտնուիր, որ կը կայանայ պետական եւ սեփական մարզերու համագործակցութեամբ նոր եւ արդիական ելեկտրակայաններու հաստատումով, որովհետեւ այլեւս անհանդուրժելի է, որ լիբանանցին մնայ առանց ելեկտրականութեան քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն 28 տարիներ ետք իսկ:
Տեղեկատուական Գրասենեակ