Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Տեսանկիւն. «Մենք Ենք Երեխայի Մայրը» Լոզունգը Կիրառելի՞ Է Յետայսու

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մինչ Lիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը տակաւին կ՛ուշանայ լիբանանցին ընկղմած կը մնայ ընկերա-տնտեսական լուրջ խնդիրներու  մէջ, որոնց լուծումը, ոչ թէ միայն կ՛ուշանայ այլ նաեւ կարգ մը հարցերու պարագային անյոյս ալ կը թուի ըլլալ:

Այս իրավիճակին մէջ երէկ յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց պետական պատասխանատուի մը  մէկ յայտարարութիւնը, որ կոչ կ՛ուղղէր պատիժի ենթարկել ելեկտրածին մեքենաներու տէրերը, որոնք քանի մը օր առաջ երկու ժամ գործադուլ ըրած էին քաղաքացին զրկելով ելեկտրականութեան մատակարարումէ, որ ամէն պարագայի պետութեան պատասխանատուութիւնն է: Ծիծաղով նաեւ ցաւով մտածեցի, թէ իսկ ո՞վ պէտք է պատիժի ենթարկէ պետութիւնը, երկրին ելեկտրականութեան հարցը 28 տարիներէ ի վեր անլոյծ ձգելու յանցանքով մինչ ելեկտրածին մեքենաներու տէրերը իրավիճակը չարաշահելով կը կեղեքեն լիբանանցին:

Կը մնայ հիմնականը: Այսօր երկիրը կ՛ապրի առանց կառավարութեան: Կառավարութեան կազմութեան ամիսներու ձգձգումներէ ետք եւ հազիւ թնճուկ մը քակուի ուրիշ մը ստեղծելու աճպարարութիւններուն ի տես, նշանակեալ վարչապետ  Սաատ Հարիրին այսօր ծրագրած է վճռական յայտարարութիւն մը կատարել: Ինծի համար այս պահուս անյստակ է անոր բովանդակութիւնը, սակայն կարծեմ ատենը եկած է նշանակեալ վարչապետին իր անսահման հանդուրժողականութենէն դուրս գալու: Որպէս պետական մարդ, ան միշտ որդեգրած է «մենք ենք երեխային մայրը լոզունգը» օրինակ վերցնելով Հին Կտակարանի այն դրուագէն, ուր երկու կիներ վիճելով զաւակի մը մայրութեան վրայ կը դիմեն Սողոմոն Իմաստունի արդարադատութեան: Ըստ դրուաքին, իմաստուն թագաւորը, որպէս լուծում երեխան կը յանձնէ իր զինուորին հրահանգելով կիսել զայն եւ իւրաքանչիւր կէսը տալ վիճող կիներուն: Կիներէն մէկը (իսկական մայրը) առջեւ նետուելով կ՛աղաչէ երեխան ողջ պահել, հոգ չէ, թէ զայն տրուի միւս կնոջ…:

Այս պատմութեան մէջ  երեխային հարազատ մօր առաջարկին հիմքն ու նախապայմանը  կը կազմէ երեխային ողջ մնալը: Վարչապետը իր հանդուրժողականութեամբ եւ երկրին հանդէպ ցուցաբերած «մայրութեամբ» փորձած է Լիբանանը «ողջ» պահել: Կը մնայ հարց տալ, որ արդեօ՞ք նոր եւ մշտական զիջումներ պիտի կարենան Լիբանանը «ողջ» պահել ի տես քաղաքական, գաղափարական, ընկերա-տնտեսական, ֆինանսական եւ ապահովական գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող անելին, ուր «երեխային» ողջ մնալը լուրջ հարցականի տակ դրուած է ամէն պարագայի…:

Սպասենք Վարչապետի յայտարարութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին