Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Տարուան Լաւագոյն Քաղաք Ճանչցուած Է Սեւանը, Լաւագոյն Գիւղ՝ Գառնին. Տեղի Ունեցած Է «Տարուան Լաւագոյն Համայնք» Մրցանակաբաշխութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –Հայաստանի մէջ տեղական ինքնակառավարման օրուան կապակցութեամբ՝ Նոյեմբեր 11ին, կազմակերպուեցաւ «Նոր Հայաստան-նորացուած համայնքներ» խորագրով ընդունելութիւն:

«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ միջոցառումին կայացաւ «Լաւագոյն համայնք 2018» մրցանակաբաշխութիւնը։

Հայաստանի համայնքներու միութեան նախագահ Էմին Երիցեանը նշեց, որ «Տարուան լաւագոյն համայնք» մրցոյթը կ’իրականանայ 2006 թուականէն՝ Հայաստանի համայնքներու միութեան ու ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հետ համատեղ:

«Մրցանակները կրկնակի կ’արժեւորուին անով, որ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ տեղական ինքնակառավարման օրը։ Այս տարի մենք կը դիմաւորենք Հայաստանի մէջ տեղական ինքնակառավարման 22ամեակը՝ «Նոր Հայաստանի մէջ նորացուած համայնքներ» կարգախօսով»,- նշեց Երիցեանը:

Վերջինս ընդգծեց, որ ընտրութիւնը կ’իրականացուի յանձնաժողովի միջոցով: Ան շեշտեց, որ մրցոյթին մասնակցելու համար մասնակիցները կ’ուղարկեն յայտեր եւ համայնքի ղեկավարներէն կազմուած յանձնաժողովը կ’որոշէ յաղթողները:

«Ամէն տարի անուանակարգերը աւանդաբար կը պահպանուին: Սովորաբար կ’ըլլայ երկու հիմնական մրցանակ՝ «Լաւագոյն քաղաք» եւ «Լաւագոյն գիւղ», բայց կ’ըլլան նաեւ «Մաքուր համայնք», «Բարեկարգ համայնք» եւ այլ անուանակարգեր: Վերջին 1 տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներու հիման վրայ կը գնահատուին համայնքները, ապա որակական քննարկում կ’ըլլայ ու կը սահմանուին յաղթողները»,- ըսաւ Երիցեանը:

«Լաւագոյն քաղաք 2018» անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուեցաւ ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Սեւան քաղաքը, «Լաւագոյն գիւղ 2018» անուանակարգին մէջ՝ ՀՀ Կոտայքի մարզի Գառնի գիւղը:  

Էմին Երիցեան ըսաւ, որ անցեալ տարի Սեւանը բաւական շատ ուղղութիւններով լաւ նախաձեռնութիւններ իրականացուցած է՝ քաղաքի բարեկարգում, տնտեսական զարգացման ծրագիրով հանդէս եկած է: Գառնին նոյնպէս բաւական լաւ ցուցանիշներ ունի: Ան էապէս կը տարբերէր մնացած համայնքներէն: «Յանձնաժողովի անդամներուն մօտ որեւէ կասկած անգամ չյառաջացաւ այս ընտրութեան հարցին մէջ»,- նկատեց Հայաստանի համայնքներու միութեան նախագահը:

Ընդհանուր առմամբ 502 համայնքէ յայտեր ստացուած է ընդամէնը 49էն:

Միջոցառումի ծիրէն ներս ազդարարուեցաւ նաեւ «Համայնքային առաջնորդներու դասընթացքներու» նոր փուլի մեկնարկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին