«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Երկուշաբթի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ միաժամանակ անդամ է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի գլխաւորած Ուժեղ Լիբանան պլոքին, «Լիբանանի Ձայնը» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ նոր կառավարութեան մէջ 6 սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրի լուծումը առանձնապէս կախուած է Ժպրան Պասիլէն:






