Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ՀՀԿ-ն Պիտի Մասնակցի Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններուն. Ցուցակը Պիտի Գլխաւորէ Վիգէն Սարգսեանը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Նախկին իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պիտի մասնակցի Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այդ մասին Նոյեմբեր 11-ին, ՀՀԿ Գերագոյն Մարմինի եւ խորհուրդի նիստէն ետք, յայտարարած է ՀՀ ՊՆ նախկին նախարար, ՀՀԿ նախագահի նորընտիր առաջին տեղակալ Վիգէն Սարգսեան, կը յայտնէ «Ազատութիւն»-ը:

Վիգէն Սարգսեան պիտի գլխաւորէ ՀՀԿ ցուցակը:

ԳՄ նիստին մասնակցած է նաեւ ՀՀ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, սակայն, ինչպէս յայտնեց նախկին ՊՆ նախարարը, ան պիտի չմասնակցի յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

«Ես այլ անուններ չեմ նշեր, մեր ցուցակը պիտի հրապարակուի Նոյեմբեր 14-ին: Սերժ Սարգսեան պիտի չմասնակցի քարոզարշաւին, ընտրութիւններուն: Նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը եւս չէ ընդգրկուած ցուցակին մէջ»,- ըսած է Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին