Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հարիրի Եւ Պասիլ Հանդիպում Ունեցան Կառավարութեան Կազմաւորման Գործընթացին Մէջ Գրանցուած Վերջին Զարգացումներու Լոյսին Ներքոյ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Երկուշաբթի հանդիպում ունեցան կառավարութեան կազմաւորման կապակցութեամբ գրանցուած վերջին զարգացումներու լոյսին ներքոյ: Այս մասին կը հաղորդեն Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Նախքան այս, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի միջեւ:
Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք Պասիլ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն՝ ներգրաւուելու  կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղին վերացնելու ուղղութեամբ ներդրուող ջանքերուն խոչընդոտ հանդիսացող սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրի լուծման գործին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին