Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Կազայի Մէջ Ընթացք Առած Զինուորական Գործողութիւնները Կը Շարունակուին. Իսրայէլ Ռմբակոծած Է «Ալ Աքսա» Ռատիոկայանի Շէնքը.

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Անցնող    ժամերուն  ընթացք առած    զինուորական  գործողութիւնները կը շարունակուին։ Իսրայէլեան  ուժեր  ծանր հարուածներ կը հասցընեն  «Համաս»ի տիրապետութեան  տակ գտնուող    Կազա  շրջանին   ուղղութեամբ։  Այս  առումով  քիչ  առաջ  հաղորդուեցաւ, որ  իսրայէլեան  օդուժը  հարուածած է «Համաս»  շարժումի  «Ալ Աքսա»  ռատիօկայանը   եւ     մեծ  վնասներ հասցուցած   ռատիօկայանի   գլխաւոր  շէնքին։

 Իր կարգին «Ալ Մայատին»  կայանը   հաղորդեց, որ հակառակ   կրած   ծանր  վնասներուն  ռատիօկայանը   կը  շարունակէ  իր գործունէութիւնը  բնականոն  ձեւով։

 Նշենք, որ    իսրայէլեան       յարձակումներուն հետեւանքով     մինչեւ այս ժամը  զոհուած են   աւելի քան տասը   պաղեստինցիներ։

Յիշեցնենք, որ երկու կողմերուն մէջ բախումները սաստկացան երբ Քֆար Ազզայի մէջ իսրայէլեան փոխադրակառքի մը  վրայ յարձակում մը գործուեցաւ, որ ըստ Իսրայէլեան աղբիւրներուն, պատճառ դարձաւ Իսրայէլցի զինուորի մը սպանութեան մինչ պաղեստինեան զինեալ կողմը յայտարարեց, որ իսրայէլեան կորուստներու թիւը աւելի է: 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին