Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

 

«Զարթօնք»ի մէջ «Արցախը Նախորդ Շաբաթ» մեր Արցախի քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական առօրեային մասին շաբաթական մեր ակնարկ-լրատուութիւնը այսօր կը բոլորէ իր երկու տարին:

Նախ պարբերական սիւնակով մը սկսուած ապա ամէն Երկուշաբթի ամբողջ բաժինով մը լոյս տեսնող «Զարթօնք»ի սոյն նախաձեռնութիւնը լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ մեր ընթերցողներուն մօտ, որուն համար մենք յառաջիկային ալ անխափան պիտի շարունակենք անոր հրատարակումը, վստահելով մեր Արցախի աշխատակիցին հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին, որ նաեւ «Զարթօնքի Մկրտիչ Մսըրլեան» (Բեղուն Գրիչի) 2017 տարուայ մրցանակակիրն է:

«Խմբ.»

Պայմանաւորուածութիւններուն Հաւատարիմ,

Բայց Զգօնութիւնը Չթուլցնելով

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանն ու աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 4ին մեկնած են Արցախի սահմանի արեւելեան հատուածը: Արցախի նախագահին ու Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարին զեկուցած են` ռազմական իրավիճակը փոփոխական է, բայց վերահսկելի: Վերջին օրերուն եւս հակառակորդը կը խախտէ հրադադարը: Նիկոլ Փաշինեան կը կարեւորէ, որ խախտումներու թիւը նկատելիօրէն կրճատուած է: «Ըստ էութեան մինիմումի են հասել, չնայած առանձին օրերին տատանումներ լինում են: Բայց ընդհանուր առմամբ պայմանաւորուածութիւնները պահպանուում են ոչ ամբողջութեամբ: Կարծում եմ դա վատ չէ»,- առաջնագիծին վրայ տուած հարցազրոյցի ժամանակ ընդգծած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

Պայմանաւորուածութիւններուն հետեւիլ, բայց զգօնութիւնն ալ չթուլցնել: Առաջնագիծ կատարած շրջայցէն ետք սա էր Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի եզրակացութիւնը: «Ամէն դէպքում, մենք պէտք է պատրաստ լինենք ցանկացած զարգացման»,- նաեւ զգօնութիւնը չթուլցնելու կոչ ըրած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Պատրաստ ըլլալը զինուած ուժերու արդիականացում կ’ենթադրէ` բոլոր մակարդակներուն վրայ:  Խօսքը նաեւ թիկունքային ապահովման մասին է: Այդ ուղղութեամբ բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան մասին Նիկոլ Փաշինեանը աւելի կանուխ խօսած էր: Առաջնագիծին վրայ գնահատեց փոփոխութիւնները: «Խնդիրներ կան, որոնք, թուում է, պէտք է լուծուած լինեն, բայց մենք հենց զինուորներից պէտք է իմանանք՝ այդ խնդիրները լուծուած են, թէ չէ: Եթէ զինուորները, սպաները կոմունիկացիայի մէջ չմտնեն, բաց բոլոր խնդիրները չքննարկենք, լուծումների հարցում էլ կը դժուարանանք»,- կը խոստովանի ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

Նախագահ Սահակեանն ու վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեան համտեսած են դիրքապահներու սնունդը: Փակագիծերը դեռ մինչեւ վերջ չեն բանար, բայց կը խոստանան, որ շուտով կ’իրականացուին թիկունքային ապահովման մի քանի փորձնական ծրագիրներ: «Խնդիր ունենք, որ զինուորականութիւնը զբաղուի զինուորական գործով: Կենցաղային ապահովման հարցերում այդքան ժամանակ ու էներգիա չծախսի»,- նպատակը կը բարձրաձայնէ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը:

Առաջնագիծ այցը առանց նուէրներու չանցաւ: Ծառայութեան մէջ աչքի ինկած դիրքապահները պարգեւները ստացան Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարէն: Շրջայցի աւարտին՝ աւանդական, համատեղ սելֆին հրամանատարներու, ղեկավարներու եւ զինծառայողներու հետ:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի՝ արցախեան այցի արդիւնքները ամփոփուած են Ստեփանակերտի մէջ: Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ստեփանակերտի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Քննարկուած է հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան կարեւորած են ներհայկական կապերու ամրապնդումը, տարբեր ուղղութիւններով Հայաստանի ու Արցախի փոխգործակցութեան խորացումը: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական փոխգործակցութեան, սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին, երկու հայկական պետութիւններու ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ այս ուղղութիւններով համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Ասկերանի Բերդի Վերականգնումը Կը Շարունակուի

18րդ դարուն կառուցուած Ասկերանի բերդը մինչեւ նախորդ դարասկիզբը շարունակած է մեծ դեր ունենալ Արցախի պաշտպանական համակարգին մէջ: Մեր օրերուն արդէն իր պատմական արժէքը կը կարեւորուի եւ զբօսաշրջային ներուժը: Յուշարձանը, սակայն, անխնամ էր, անհրապոյր, զբօսաշրջիկներու այցելութիւններուն համար՝ ոչ յարմարաւէտ: Ազատամարտի տարիներուն պայթիւնները նաեւ որոշակի վնասներ յառաջացուցած էին, պարիսպներուն եւ աշտարակներուն ճեղքեր աւելցած էին, նոյնիսկ փլուածքներ կային: Վերականգնման ծրագիրը 2016ին սկսաւ: 2017ին Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի աջակողմեան հատուածը արդէն բաց էր զբօսաշրջիկներուն համար: Պարիսպի այդ հատուածը ոչ միայն վերականգնուած, վերանորոգուած էր, այլեւ զբօսաշրջիկներու այցերուն համար աւելի յարմարաւէտ դարձած էր, հրակնատներու վերանորոգուած հարթակները համալրուած էին մետաղէ բազրիքներով եւ աստիճաններով:

2018ին վերականգնման աշխատանքներու երկրորդ փուլը մեկնարկեց: Շինարարներուն տեսնելու համար պէտք է ճանապարհէն դուրս գալ, յաղթահարել փոքրիկ վերելքն ու մօտենալ Մայրաբերդի մատոյցներուն: «Մայրաբերդի տարածքը կը վերանորոգենք՝ չորս աշտարակներն ու զանոնք իրար կապող պարիսպները,- կը մանրամասնէ աշխատանքները իրականացնող «Գարդեն» ՍՊԸ աշխատանքի ղեկավար Արման Գաբրիէլեանը:- Աշխատանքներու մեծ մասը, կարելի է ըսել, աւարտած ենք: Յոյս ունինք՝ կը կարողանանք սահմանուած ժամկէտներուն տեղաւորուիլ»:

Մայրաբերդի՝ դեռ չնորոգուած հատուածները թոյլ կու տան պատկերացում կազմել, թէ յուշարձանը ինչ վիճակի մէջ էր մինչեւ աշխատանքներու մեկնարկը: Վերականգնուած հատուածներուն մէջ պատկերը միանգամայն այլ է: «Կը մնայ, որ վերեւի հատուածը վերականգնենք՝ պատերու վերին մասը: Թեքահարթակները ամրացուցած ենք: Անոնք ամբողջութեամբ պիտի սալապատուին»,- կը պատմէ եւ ցոյց կու տայ վերականգնող վարպետներէն Յարութ Սարգսեանը: Խորհրդային տարիներուն աւելցուած կցակառոյցները քանդուած են: Պարիսպի ճեղքերը կը փակուին, քանդուած հատուածները վերականգնուին: Շաղախի համար, բացի այլ բաղադրիչներէ, կիր եւս կ’օգտագործուի: Որպէս շինաքար ալ կը ծառայեն պարիսպներէն թափուած եւ շրջակայ տարածքէն հաւաքուած քարերը:

Ասկերանի բերդի վերականգնուած հատուածը Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի աջ կողմն է: Վերականգնուող հատուածը վերն է՝ շրջապատուած չորս աշտարակներով: Երկու հատուածները կապող կիսաւեր պարսպաշարը կը յուշէ, որ վերականգնման առնուազն մէկ փուլ կայ տակաւին: Պատկան մարմինը կը հաստատէ՝ վերականգնողական ծրագիրը պիտի շարունակուի: «Երրորդ փուլին, 2018-2020 թուականներուն կը նախատեսենք վերականգնել միջնաբերդէն աջ ու ձախ ձգուող պարսպաշարերը: Նաեւ լրացուցիչ հնարաւորութիւններ կ’ըլլան այցելուներու համար»,- կը մանրամասնէ Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը: Այս պահուն դեռ չեն շտապեր գնահատելու՝ ի՛նչ արդիւնք ապահոված է Ասկերանի բերդի ճանապարհամերձ հատուածի վերանորոգումը: «Այս պարագային դիտարկումը միայն մօտաւոր է: Կը տեսնենք, որ, այո՛, այցելուները կ’աւելնան: Սակայն այս փուլին նոյնիսկ չենք ալ ակնկալեր, թէ այս վիճակին մէջ յուշարձանը կրնայ զբօսաշրջիկին, ըսենք, կէս ժամէն աւելի պահել,- կը նշէ Արտակ Գրիգորեանը:- Կու գան, կը շրջին վերանորոգուած հատուածներով, թերեւս նաեւ կը լուսանկարուին եւ կը շարունակեն իրենց ճանապարհը»: Յուշարձանի զբօսաշրջային ներուժը լիարժէք օգտագործելու ծրագիրները վերականգնման երրորդ փուլի մէկ մասը պիտի դառնան: Վերականգնողական աշխատանքներուն զուգահեռ՝ կը նախատեսուի Ասկերանի բերդի տարածքին զբօսաշրջիկներու համար լրացուցիչ հետաքրքրութիւններ ապահովել, ըսենք՝ յուշանուէրներու վաճառքի կէտ կամ մէկ այլ հնարաւորութիւն»: Նաեւ կամուրջներ կը նախատեսուին, որոնք Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհի վրայէն կը կապեն բերդի աջակողմեան ու ձախակողմեան հատուածները: Իսկ Միջնաբերդի մէջ թանգարան պիտի գործէ: Առայժմ Ասկերանի բերդի վերականգնումը բացառապէս պետական պիւտճէի յատկացումներով  կ’իրականացուի: Պատասխանատուները յոյս ունին երրորդ փուլի համար նաեւ մասնաւոր հատուածէն միջոցներ ներգրաւել:

Ասկերանի բերդը Ստեփանակերտէն մօտ 10 քիլոմեթր հեռու է եւ կրնայ հետաքրքրական կանգառ դառնալ դէպի Տիգրանակերտ կամ դէպի Գանձասար մեկնող զբօսաշրջիկներու համար: Ընթացքի մէջ գտնուող վերականգնողական աշխատանքները մէկ կողմէ թոյլ կու տան փրկել ժամանակի ընթացքին թուլցած եւ վնասուած յուշարձանը, միւս կողմէ՝ զայն դարձնել Արցախի ամենաշատ այցելուող զբօսաշրջավայրերէն մէկը:

Ընկերութիւն Ազրպէյճանցիներու Հե՞տ

Ո՞ւր Թաղուած Է Շան Գլուխը

Ասիա Խաչատրեանը, որ ամիսներ առաջ լրատուամիջոցներու մէջ, իսկ աւելի շատ՝ ընկերային ցանցերու վրայ հանրաճանչցուեցաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած միջադէպի բերմամբ, վերջին օրերուն դարձեալ որոշ շրջանակներու հետաքրքրութեան կեդրոնին յայտնուած է: Ոմանք կը քննադատեն, ոմանք կը դատապարտեն, երրորդները կը քաջալերեն: Թեման արդիական է այնքանով, որ արդէն դուրս եկած է զուտ անձի նկատմամբ վերաբերմունքի շրջանակներէն:

Ասիա Խաչատրեանի հետ կապուած միջադէպի շուրջ քննարկումները, որ մի քանի ամիս առաջ աշխուժացած էին, արդէն հանդարտած էին: Շատերուն արցախեան միջադէպով յայտնի Ասիա Խաչատրեանը դարձեալ մետիատարածքին հետաքրքրութեան կեդրոնին յայտնուեցաւ՝ արդէն այլ թեմայով: Համացանցի վրայ նկարներ տարածուած են, ուր Ասիա Խաչատրեանն է՝ օտարազգի երիտասարդի մը հետ: Նկարները տարածողը այդ նոյն երիտասարդն է: Հանդիպումի վայրն ալ Վրաստանն է, աւելի ստոյգ՝ Թիֆլիս: Ասիայի ընկերը ազրպէյճանցի օգտատէրերէն ոմն Tehran Libreն է: Ազգային պատկանելութիւնը նաեւ անձնագիրի լուսանկարը կը հաստատէ, իսկ այդ օգտատիրոջ էջին վրայ, ի թիւս բազմաթիւ այլ լուսանկարներու, Ազրպէյճանի ներքին զօրքերու համազգեստով լուսանկար կայ, գրառումներուն մէջ՝ ընդգծուած հակահայկականութիւն: Իսկ հակահայկական տրամադրուած Ազրպէյճանի մէջ անձնական էջի վրայ հայու հետ լուսանկարները անպատիժ տարածողը հազիւ թէ համացանցի շարքային օգտատէր ըլլայ: Այս ամէնը հաշուի առնելով՝ լրատուադաշտի տարածքին հանրութեան որոշ հատուածը Ասիայի եւ ազրպէյճանցիի ընկերութեան քննադատաբար մօտեցաւ: «Մարդկանց այդ արձագանգին կարելի է ըմբռնումով մօտենալ: Ի վերջոյ, Ազրպէյճանի հետ մենք, այսպէս ըսած, բաւական իւրայատուկ յարաբերութիւններու մէջ ենք. փաստօրէն ե՛ւ Արցախը, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի հետ պատերազմական դրութեան մէջ են: Մարդիկ ամէն օր սահմանէն լուրեր կը սպասեն, հրադադարի ռեժիմի խախտումներու մասին կը լսեն եւ յանկարծ՝ ընկերութիւն, այն ալ բաւական կասկածելի անձնաւորութեան հետ, որուն անկեղծութեան դժուար է հաւատալը: Անոր համար ալ Հայաստանի եւ Արցախի արձագանգը այդպիսին էր»,- կը գնահատէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեանը:

Մէկ այլ հատուած ալ հակառակ ձեւով արձագանգեց: Ողջունեց, քաջալերեց: Ոմանք ալ նոյնիսկ յայտարարեցին, որ իրենք ալ կը միանան այդ նախաձեռնութեան: «Նախաձեռնութիւնը պէտք չէ ինքնանպատակ ըլլայ: Եթէ ատիկա կ’ըլլայ պարզապէս հասարակութեան հակադրուելու, այսպէս ըսած՝ կարծրատիպ կոտրելու համար, կը կարծեմ՝ չ’արժեր»,- համոզուած է Դաւիթ Պապայեանը:

Արցախէն եւ Արցախէն դուրս բաւական խիստ քննադատութիւն հնչեց ինչպէս Ասիայի, այնպէս ալ Ասիային սատարողներու հասցէին: Ընդհուպ մինչեւ՝ Արցախ՝ Ասիայի մուտքը արգիլելու կոչեր եղան: Դաւիթ Պապայեանը կոչ կ’ընէ զգացումներու անձնատուր չըլլալու, իսկ լուծումները կը պատկերացնէ գործող օրէնքներու շրջանակներուն մէջ. «Կը հասկնամ մեր հայրենակիցներու դժգոհութիւնը, զգացումները: Բայց կան օրէնքներ եւ ամէն ինչ պէտք է ըլլայ օրէնքի ծիրէն ներս: Նոյն Ասիա Խաչատրեանին եւ անոր սատարողներուն ոչ ոք կ’արգիլէ ազրպէյճանցիներու հետ ընկերութիւն ընել: Պարզապէս պէտք է վստահ ըլլալ, որ դիմացինը եւս կը ցանկայ իսկապէս ընկերութիւն ընել եւ ոչ թէ այլ յանձնարարութիւն եւ այլ խնդիր ունի»: Դաւիթ Պապայեանը պարզապէս կոչ կ’ընէ այդ շփումներուն մէջ հաշուի առնել առկայ իրողութիւնները: Իսկ իրողութիւնը այն է, որ սահմանի միւս կողմը բոլորովին բարեկամաբար չեն տրամադրուած:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին