«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ընկերվարական-յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ Ուրբաթ «Ալ Ժումհուրիա» տեղական օրաթերթի հրապարակած հարցազրոյցին մէջ դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմաւորման ի կատար ածումը խոչընդոտող վերջին խնդիրի լուծումը, որ է՝ 6 սիւննի անկախ երեսփոխաններու ներկայացուցչութիւնը, ապահովապէս կախուած է Հըզպալլա կուսակցութենէն:






