«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Մելպուռնի մէջ մարդ զոհուած է դանակով զինուած տղամարդու յարձակումին հետեւանքով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, մամուլի ասուլիսի ժամանակ պատմած է Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի ոստիկանութեան ներկայացուցիչ Տէյվիտ Քլէյթոնը: «Երեք մարդ դանակէն վիրաւորուած է: Ցաւօք, անոնցմէ մէկը նոյն ատեն մահացած է: Միւս երկուքը ներկայիս կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ»,- ճշդած է ան:
Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ բախումը տեղի ունեցած է, երբ մեքենայ մը բռնկուած է Սուոնսթոն-սթրիթ փողոցին վրայ: Տեսադիտարկումի խցիկներէն կ’երեւի, թէ ինչպէս տղամարդը զէնքը թափահարելով կը նետուի ոստիկանութեան սպային վրայ: Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ յարձակողը բռնած են, ոստիկաններէն մէկը կրակած է անոր կուրծքին, այժմ տղամարդը օրհասական վիճակի մէջ կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ:
Քլէյթոնը յաւելած է, որ «ահաբեկչութեան հետ միջադէպի կապը չէ հաստատուած», այլ կասկածեալներ առայժմ չկան:
Ոստիկանութիւնը միջադէպի վայր ժամանած է այն հաղորդումէն ետք, որ մեքենան մխրճուած է առեւտրական շէնքի մէջ ու բռնկուած, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:






