Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կոկանեան սրահի նորոգուած եւ յաւելուած բաժիններուն բացումը, հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ:
Կոկանեանի փոքրիկ պարտէզը ողողուած էր լոյսերով, իսկ մարգագետինը ամբողջովին փոխուած, հոն դրուած հանգստաւէտ բազկաթոռներով:
Կոկանեան սրահի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան բացումը կատարեց երեկոյին՝ շեշտը դնելով այս գողտրիկ ակումբին ապահով, հաճելի եւ հայադրոշմ մթնոլորտին վրայ, ապա հրաւիրեց աշխատանքը գործնականապէս ծրագրած եւ իրագործած տիկին Սաթօ Սարգիսեան-Աբգարեանը եւ անոր յանձնեց շնորհակալութեան յուշանուէր մը:
Տիկին Սաթօն իր խօսքին մէջ շնորհակալութեան կողքին դրուատեց այն միասնական ոգին, որ կը տիրէ սրահէն ներս եւ որ կարողութիւն կու տայ մեծ գործեր կատարելու:
Ապա Եգիպտոսի Հայոց Թեմին բարեջան Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին Վիճակաւոր Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան հրաւիրուեցան բացումը կատարելու Թէքէեան սրահին եւ Հայ Տանիքին:
Ներկաները երկար ատեն յամեցան ակումբէն ներս, վայելելով Ռուբէն Սաատի գեղեցիկ ձայնն ու օրուան ճոխ հիւրասիրութիւնը:
Շնորհաւորութիւններ Կոկանեանի նոր բաժիններուն համար: Բոլոր վարչականներուն եւ աշխատանքին մասնակցողներուն վարձքը կատար: