Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիւմրիի «Վարդան Աճեմեան»ի Անուան Պետական Դրամատիկական Թատրոնը

Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ վերջինիս հրաւէրով Լիբանան ժամանած Կիւմրիի «Վարդան Աճեմեան»ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը։

Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ Կիւմրիի պետական թատրոնին գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեան, որ, ներկայացնելէ ետք դերասանները, հակիրճ կերպով խօսեցաւ թատերախումբին մասին, ու Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց թատրոնին ներկայ եւ ապագայ ծրագիրները։

Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց մշակոյթի դերը հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ։ Խօսելով թատրոնին մասին, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց թատրոնին կարեւոր դերը մշակոյթի, գրականութեան եւ միտքի զարգացման մէջ, ըսելով. «Արուեստի կողքին, թատրոնը կը հետապնդէ դաստիարակչական առաքելութիւն. լաւ թատրոն է այն թատրոնը, որ հանդիսատեսին միտքին մէջ կը շարունակուի նոյնիսկ ներկայացումէն ետք, որովհետեւ հանդիսատեսին միտքին ու հոգիին մէջ պատգամ մը ձգած կ՚ըլլայ»։

Նշենք, որ թատերախումբը Լիբանան ժամանած է այս շաբաթավերջին ներկայացնելու երեք ներկայացումներ՝ «Հարսանիք Թիկունքում», «Սիրոյ քեսթինկ» եւ «Երկնագոյն շան աչքեր» թատերախաղերը։ 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին