«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 10-11 աշխատանքային այցով կը մեկնի Ֆրանսա:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ կը մասնակցի Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100ամեակին նուիրուած արարողութեան եւ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի աշխատանքներուն:






