Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

«Թէքէեան» Սրահի Եւ «Հայ Տանիք»ի Բացումը

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կոկանեան սրահի նորոգուած եւ յաւելուած բաժիններուն բացումը, հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ:

Կոկանեանի փոքրիկ պարտէզը ողողուած էր լոյսերով, իսկ մարգագետինը ամբողջովին փոխուած, հոն դրուած հանգստաւէտ բազկաթոռներով:

Կոկանեան սրահի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան բացումը կատարեց երեկոյին՝ շեշտը դնելով այս գողտրիկ ակումբին ապահով, հաճելի եւ հայադրոշմ մթնոլորտին վրայ, ապա հրաւիրեց աշխատանքը գործնականապէս ծրագրած եւ իրագործած տիկին Սաթօ Սարգիսեան-Աբգարեանը եւ անոր յանձնեց շնորհակալութեան յուշանուէր մը:

Տիկին Սաթօն իր խօսքին մէջ շնորհակալութեան կողքին դրուատեց այն միասնական ոգին, որ կը տիրէ սրահէն ներս եւ որ կարողութիւն կու տայ մեծ գործեր կատարելու:

Ապա Եգիպտոսի Հայոց Թեմին բարեջան Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին Վիճակաւոր Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան հրաւիրուեցան բացումը կատարելու Թէքէեան սրահին եւ Հայ Տանիքին:

Ներկաները երկար ատեն յամեցան ակումբէն ներս, վայելելով Ռուբէն Սաատի գեղեցիկ ձայնն ու օրուան ճոխ հիւրասիրութիւնը:

Շնորհաւորութիւններ Կոկանեանի նոր բաժիններուն համար: Բոլոր վարչականներուն եւ աշխատանքին մասնակցողներուն վարձքը կատար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին