Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Րոզվարդ Սիսերեանի Յիշատակին Ցուցահանդէս

ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

Րոզվարդի յիշատակին ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2018-ին Լիբանանեան գեղարուեստի աքատեմիայի (ALBA) նորակառոյց ցուցասրահին մէջ, Սին Էլ Ֆիլ, ներկայութեամբ Անտրէ Պըքաազիի, ALBA-ի տնօրէն եւ արուեստասէր բազմութեան:

Ծնած է Հալէպ 1924-ին: Րոզին Վարդուհի Սիսերեան կոչուած է Րոզվարդ որբացած հօրը կողմէ: Կ’ապրի Սուրիա իր մեծ մօրը, մօրը, մօրաքրոջը, քրոջը եւ եղբօրը հետ: Կ’ամուսնանայ բժիշկ Սեպուհ Սիսերեանի հետ եւ կը հաստատուի Գամիշլի: Անոնք կ’ունենան հինգ զաւակներ: 1960-ին Րոզվարդ եւ ամուսինը, որ կը սիրէին Լիբանանը, կը հաստատուին հոն վերջնականապէս: Րոզվարդ փոքր տարիքէն հակում ունեցած է երաժշտութեան եւ գեղանկարչութեան: Արդէն մեծ մայր՝ ան չի վարանիր արձանագրուելու 1975-ին, 51 տարեկանին, ALBA-ի նկարչական դպրոցին: Աշխատասէր, կարգապահ եւ ընդունակ ուսանող՝ ան կը ստանայ 1980-ին բարձր ուսման վկայական գեղանկարչութեան՝ հակառակ երկրի պատերազմական վիճակին: Ան շուտով 1981-ին կը նշանակուի ուսուցչուհի ALBA-ի մէջ, ուր կը դասաւանդէ մինչեւ 1997: Անոր դասընթացքները կ’ընդգրկեն գոյներու ուսումնասիրութեան զարդարանքի լեզուն: Րոզվարդ իր գործերը ցուցադրած է Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան հիմնադիրներէն եղած է Թորոս Ռոսլին նկարչութեան աքատեմիային, Պուրճ Համուտ: Ան մահացած է 2016-ին Պէյրութ:

Րոզվարդ տարիներու ընթացքին կը կատարելագործէ իր թեքնիքը եւ կը զարգացնէ իր անձնական ոճը: Ան բնութիւնը շատ կը սիրէր ու անկէ ներշնչուէր: Իր գործերուն մէջ բնութեան միջավայրը, տարածութիւնները, բոյսերը, ծաղիկները, թռչունները մեր աչքերուն կը տողանցեն երազի մը նման: Ինչ որ անոնց կու տայ ներկայութիւն մը եւ կեանք մը մօտ պատկերայինի (figuratif) եւ վերացականի (abstract) խառնուրդի մը, շատ անգամ անիրական համադրումը իր նիւթերուն, տաբակաձեւ, գոյն գոյնի վրայ դրուած, մեծ դեր կը խաղան ճարտար յօրինումներու եւ մէջտեղ կը հանեն անսպասելի գոյնի երանգներ՝ հարուստ Արեւելքի համերով. համադրումը կարմիրի, նարնջագոյնի, վարդագոյնի, գոց կապոյտի, դեղինի եւ ուժգին կանանչի կը փոխադրեն քնարերգական մթնոլորտ եւ սէրը միջերկրականի:
Այս ցուցահանդէսը յետադարձ ակնարկ մը կը նետէ իր տարիներու աշխատանքին վրայ, ուր գեղանկարիչը տարբեր շրջաններէ կ’անցնի՝ հասնելու համար ներկայ կատարելագործութեան նաեւ, այս ցուցահանդէսը «մեծարանք մը կ’ուզէ ըլլալ այս մեծ կնոջ,- կ’ըսէ ALBA-ի տնօրէն Անտրէ Պըքաազի,- իր արուեստին, բայց նաեւ իր գործերուն, իր նուիրումը Հայաստանին, որբերուն, սկսնակ արուեստագէտներուն եւ իրեն վեհանձն ու ազատ հոգիին»:

1993-ին ALBA-ի մէջ Րոզվարդ կը ծանօթանայ Կիւվտերի (Guvder), որ անոր նկարչութիւնը կը բնութագրէ «երաժշտային գործ»:
Թող իրեն գործերը ըլլան ձեզի յայտնութիւն մը, համանուագ մը աչքերու եւ թէ իր գոյները ձեր մտքին մէջ արձանագրուին յաւիտեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին