«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Խումբ մը սիւննի երեսփոխաններ նախագահ Միշէլ Աունի հետ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ հանդիպումէ ետք մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ դարձեալ պնդեցին անպայմանօրէն նախարարական ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու նոր կառավարութեան մէջ, ինչ որ ակնբախօրէն վերստին խոչընդոտ հանդիսացած է վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի վերացման ուղղութեամբ ներդրած ջանքերուն:






