Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Սահմանադրական Դատարանը Համաձայնած Է ՍԴ Դատաւորի Թեկնածուի Առաջադրման Ժամկէտներու Վերաբերեալ Հանրապետութեան Նախագահի Հարցադրումներուն Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Հանրապետութեան նախագահը, որպէս սահմանադրութեան պահպանման երաշխաւոր, նպատակ ունենալով ապահովել Սահմանադրութեան գերակայութիւնը, 2018 թուականի Յունիս 6ին դիմած էր Սահմանադրական դատարան՝ «Սահմանադրական դատարանի մասին» եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքներու՝ Սահմանադրական դատարանի թեկնածուի առաջադրման ու ընտրութեան կարգաւորումը նախատեսող որոշ յօդուածներու` Սահմանադրութեան պահանջներուն համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ: Թէեւ 1995 թուականէն ի վեր Հանրապետութեան նախագահը օժտուած եղած է օրէնքի սահմանադրականութեան հարցերով Սահմանադրական դատարան դիմելու լիազօրութեամբ, սակայն գործնականօրէն այս լիազօրութիւնը առաջին անգամ կենսագործեց Յունիս 6ին նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ՝ անով իսկ ներմուծելով որակապէս նոր իրաւական մշակոյթ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Սահմանադրական դատարանը 2018 թուականի Նոյեմբեր 6ի ՍԴՈ-1434 որոշմամբ վերոնշեալ օրէնքներու` Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուած դիմումին մէջ նշուած դրոյթները ճանչցած է որպէս Սահմանադրութեան հակասող: Միեւնոյն ժամանակ, Սահմանադրական դատարանը Սահմանադրութեան հակասող կարգերը իրաւազօրութենէ զրկելու վերջնաժամկէտ սահմանած է 2019 թուականի Ապրիլ 1ը՝ Ազգային ժողովին հնարաւորութիւն տալով սահմանադրական օրէնքներու խնդրայարոյց իրաւակարգաւորումները համապատասխանեցնելու Սահմանադրական դատարանի որոշումի պահանջներուն:

Անդրադառնալով Սահմանադրական դատարանի թեկնածուի առաջադրման ժամկէտներու խնդիրին` Սահմանադրական դատարանը իր որոշումին մէջ արտայայտած դիրքորոշմամբ համաձայնած է Հանրապետութեան նախագահի հիմնական հարցադրումներուն հետ՝ արձանագրելով, որ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտ սահմանելու ժամանակ օրէնսդիրին կողմէ պէտք է ամրագրուի թեկնածուներու առաջադրման ողջամիտ ժամկէտ՝ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու թեկնածուներու առաջադրման սահմանադրական լիազօրութեան պատշաճ իրականացումը ապահովելու նպատակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին