«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ուրբաթ նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի յատուկ համակարգողի պաշտօնակատար Բերնիլ Տահլեր Քարտելի հետ, ուր մասնաւորաբար ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու է ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւի իրականացման, ինչպէս նաեւ վերստին մերժեց Հըզպալլայի կողմէ հաստատուած հրթիռակայաններու մասին պնդումները: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահական գրասենեակէն:






