Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի «Նոր Անուններ» Ծրագիրը

Նոյեմբեր 10-17 Հայաստանէն Լիբանան պիտի ժամանէ «Նոր անուններ» պատանի տաղանդաւոր երաժիշտներու խումբը՝ գլխաւորութեամբ Տիկին Սիլվա Մեքինեանի:
«Նոր անուններ»ի երաժիշտները Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հովանաւորութեամբ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի կազմակերպութեամբ, մայրաքաղաք Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակի հանդիսութիւններու ծիրին մէջ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ ՀԿՄի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ: Մուտքը՝ ազատ է:

Հայաստանի «Նոր անուններ» ծրագիրը ստեղծուած է 1989ին ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սիլվա Մեքինեանի նախաձեռնութեամբ` Մշակոյթի գործիչներու ընկերակցութեան հետ համատեղ: Յայտնաբերել եւ զօրավիգ կանգնիլ պատանի տաղանդներուն` այսօրուան նոր անուններուն ու ապագայի հոգեւոր մշակոյթը կերտողներուն՝ ա՛յս է «Նոր անուններ» ծրագիրի գլխաւոր նպատակը։ Ծրագրին անդամագրուած շուրջ 30 շնորհալի պատանի երաժիշտ կատարողները հանրապետութեան երաժշտական կրթօճախներ ու լաւագոյն սաներն են՝ միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթներու եւ փառատօներու դափնեկիրներ: Ծրագրին համերգային կենսագրութիւնը հարուստ է բազում ելոյթներով թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ` Կիւմրի, Վանաձոր, Էջմիածին, Աշտարակ, Ապարան, Եղեգնաձոր եւ այլն: «Նոր անուններ»ը ճանչցուած է նաեւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս: Հայ պատանի երաժիշտներու ելոյթներուն աշխարհագրական ընդգրկումները կը հասնին մինչեւ Լատինական Ամերիկա, Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք: Անոնց ծափահարած են բազմաթիւ երկիրներ` Արժանթին, Ուրուկուէյ, Պրազիլ, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Մոնաքօ, Իտալիա, Սպանիա, Մալթա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա , Աւստրիա, Չեխիա, Յունաստան, Ռուսիա, Ուքրանիա, Վրաստան, ԱՄՆ, Պելճիքա, Լիւքսեմպորկ, Գանատա, Պուլկարիա, Պարսկաստան, Թուրքիա, Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, ԱՄԷ: Ծրագրի լաւագոյն սաները յաջողութեամբ հանդէս եկած են շարք մը միջազգային փառատօներու մէջ՝ «Մոլորակի նոր անուններ » (Ռուսիա, 1998), ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաժողով (Ֆրանսա, 1998), «Պէյրութի արտիստիք գիշերներ» (Լիբանան, 1999), «Սլավոնական արուեստի փառատօն» (Ֆրանսա, 2001), «Սերկեյ Ռախմանինով -140» (Գերմանիա, 2013): Հայ պատանիները փայլուն ելոյթներ ունեցած են Համաշխարհային դրամատան (Ուաշինկթըն, 2003), Գանատայի խորհրդարանի շէնքին մէջ (Օթաուա, 2003), «Ազատութիւն» ռատիոկայանի կեդրոնական գրասենեակին մէջ (Պրահա, 2004), Յ. Մենուհինի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ (Լոնտոն, 2004), մասնակցած են «Արամ Խաչատրեան-100» միջազգային փառատօնին (Պոսթոն, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք), «Հայաստան-2020» միջազգային համաժողովին (Յունաստան, 2003), «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական մշակութային առաջին (Երեւան, 2004), «Ազգային պատկերասրահ» երաժշտական փառատօներուն (Երեւան, 2005, 2006), Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան նուիրուած համերգային ծրագրին (2006): 2009 Ապրիլին «Նոր Անուններ» ծրագրի պատանի երաժիշտները համերգային ելոյթով ներկայացուցած են Հայաստանը ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակի Ազգութիւններու պալատին մէջ, իսկ 2013ին Քոփենհակընի նորակառոյց ՄԱԿ-Աւանին մէջ: 2015ին «Նոր անուններ»ի համերգները Սպանիոյ, Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ նուիրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին: 2015ին հայ պատանիները մասնակցած են 3 երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Մալթայի «Նոր անուններ»ի համատեղ երաժշտական նախագիծին Մալթայի մէջ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Աւստրիոյ «Նոր անուններ»ի համատեղ համերգին Վիեննայի մէջ: Պատանի երաժիշտներու համար կազմակերպուած են կատարելագործման դասընթացքներ Լոնտոնի Թագաւորական երաժշտական ակադեմիոյ մէջ, Յ. Մենուհինի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ, Սուզդալի ամառնային ստեղծագործական դպրոցին մէջ։ 2011-2018 Երեւանի մէջ կազմակերպուած էր պատանի երաժիշտ-կատարողներու 8 միջազգային փառատօն, որոնցմէ 6-րդը նուիրուած էր ՀՀ անկախութեան 25ամեակին: Այս խորագրով անցած է նաեւ հայ պատանիներու ելոյթը Մոսկուայի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանի վեհաշուք դահլիճին մէջ։ Փառատօնը ծնունդ տուաւ նոր նախագիծի մը․ ի մի բերել հայ պատանի տաղանդը՝ անկախ բնակութեան վայրէն, Հայաստանի «Նոր անուններ» ծրագրի համերգային հիւրախաղերուն մէջ ընդգրկել նաեւ հայկական սփիւռքի շնորհալի պատանի երաժիշտները։ Հետեւաբար, Մոսկուայի մէջ (2016), այնուհետ եւ Ֆրանսայի (2017; 2018) եւ ԱՄՆի մէջ (2017; 2018) կայացած համերգներուն կը մասնակցէին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Մալթայի եւ Ֆրանսայի հայազգի պատանի երաժիշտ-կատարողները։ 2017ին Ուաշինկթընի մէջ հայ պատանիներու կատարումները զարդարեցին ԱՄՆի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու հաստատման 25ամեակի տօնակատարութիւնը ԱՄՆի քոնկրեսի «Ռեյպըրն» սրահին մէջ։ Բացառիկ էին նաեւ Համաշխարհային դրամատան «Փրեսթըն» սրահին մէջ կայացած համերգային երեկոն՝ նուիրուած Համաշխարհային դրամատան ու արժոյթի միջազգային հիմնադրամին Հայաստանի անդամակցութեան 25ամեակին (Ուաշինկթըն, 2017) եւ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հրաւէրով կազմակերպուած համերգային երեկոն (Zipper Hall, 2018)։ 7րդ տարին անընդմէջ Հայաստանի «Նոր անուններ»ի մենակատարները կը մասնակցին Ուաշինկթընի մէջ «Հայաստանի մանուկներ» (COAF) հիմնադրամի ամէնամեայ բարեգործական կալա-համերգին, որուն շնորհիւ հաւաքուած միջոցները կ’ուղղուին Հայաստանի մարզերուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին