Վերջերս յատուկ առաքելութեամբ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան կը գտնուէր Արցախ, ուր Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի նախագահ Փրոֆ. Վարդան Յակոբեանի, դասախօսական կազմի եւ ուսանողութեան հետ ջերմ հանդիպումներ ունեցաւ: Այդ հանդիպումներուն ստորագրուեցաւ փոխգործակցութեան պայմանագիր:
Երկու կողմերը միջազգային ակադեմական համագործակցութեան օժանդա-կելու համար պիտի ծաւալեն հետեւեալ գործունէութիւնը.
– Կրթական նիւթերու, հետազօտութիւններու, ակադեմական տեղեկութեան փոխանակում:
– Ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակում:
– Միացեալ հետազօտական գործունէութիւն:
– Միջազգային գագաթնաժողովներ:
– Իրագործել համատեղ նախագիծեր եւ ծրագիրներ՝ կապուած միջազգային կրթութեան հետ:
Առաջին դասախօսը, որ Արցախ գործուղուեցաւ Մաշտոց Գոլէճի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Պրն. Յովսէփ Նալպանտեանն էր, որ Սփիւռքի պատմութեան եւ գրականութեան նիւթերով դասախօսեց Ս. Գր. Նարեկացիի անունը կրող համալսարանին մէջ:
Համալսարանի նախագահ Փրոֆ. Վարդան Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց՝ շեշտելով համագործակցութեան հոյակապ պայմանագիրի կարեւորութիւնը:
Այս առիթով Դոկտ. Տէր Եղիայեան յայտնեց իր անխառն ուրախութիւնը՝ նկատել տալով, որ Մաշտոց Գոլէճը կը հանդիսանայ առաջին կրթական բարձրագոյն հաստատութիւնը, որ համագործակցութեան պայմանագիր կը ստորագրէ Արցախի միակ պետական ճանաչում վայելող համալսարանին հետ, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ սատարելու Արցախի հերոս ժողովուրդի զաւակներուն ազգակրթական վերելքին: