ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – ՀԲԸՄ-ի «Սաթամեան» («Արտաւազդ») թատերախումբը արդէն 40 տարեկան է։ Այս առիթով Նոյեմբեր 3-ին եւ 4-ին բեմ բարձրացաւ եւ յառաջիկայ շաբաթավերջին՝ 10-11-ին դարձեալ պիտի ներկայացուի իտալացի հանրայայտ երգիծագիր Քարլօ Կոլտոնիի նոյնքան հանրածանօթ «Ստախօսը» կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ վաստակաշատ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի, Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի հիմնովին վերանորոգուած նոյնանուն սրահին մէջ։
Գրքոյկ-յայտագիրին մէջ, թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան կը գրէ. «Անցնող չորս տասնամեակներուն, մեր թատերախումբը, իր աւելի քան 50 տարբեր ներկայացումներով, իր կայուն տեղը ապահովեց սփիւռքահայ թատրոնի պատմութեան մէջ»։
Չմոռնանք, թէ հիմնականին մէջ սիրողական դերասաններով կազմուած այս խումբը տուած է բազմաթիւ արհեստավարժ դերասաններ, եւ այսօր կը շարունակէ նորոգուիլ, կազմին միացնելով երիտասարդ թարմ ուժեր։ Եւ այսպէս, փորձաշատ Ալեքս Խորշիտեանին, Ռուբէն Հարմանտայեանին, Վիգէն Պալապանեանին, Արփի Պալապանեանին, Արփի Սամուէլեանին, Արամ Մուրադեանին, Նարինէ Աւագեանին եւ Փիթըր Նշանին կողքին, «Ստախօս»-ով իրենց նորամուտը նշեցին Փիթըր Տէր Պետրոսեան, Սեւակ Ղազարեան, Նայիրի Տաղլեան՝ երեքն ալ շրջանաւարտ ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան Երկրդ. Վարժարանէն, ինչպէս նաեւ Ալին Պարոնեան, Լիւսի Պալապանեան, Ռիթա Դալար Պետրոսեան եւ Արթուր Մարգարեան։ Վերջինս, որ շրջանաւարտ է Երեւանի Պետական Թատերական հիմնարկէն, Արձանի դերով կատակերգութեան ամենամեծ յայտնութիւնն էր։
Բոլոր դերակատարներն ալ զիրար կ՚ամբողջացնէին, կատակերգութեան տալով սահուն յաջորդականութիւն մը։ Իսկ թէ դէպքերը ինչպէ՞ս զարգացան երկու հարիւր տարի առաջ Վենետիկի մէջ… պէտք է շտապեցէ՛ք ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոն…
Կը շնորհաւորենք բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանը,– որ գիտէ խնդուքի միջոցով ընկերային բազմապիսի թերութիւններ երեւան հանել,– թատերախումբի վարչութիւնը, բեմի յղացումը, շինութիւնը եւ կահաւորումը պատրաստող Մանուկ Սաթամեանը, երաժշտութեան եւ լոյսի պատասխանատու Ռաֆֆի Գալամքարեանը եւ ամբողջ քէքնիք անձնակազմը։ Մեր շնորհաւորութիւնը անշուշտ դերակատարներուն, որոնց կամաւոր եւ նուիրեալ աշխատանքը արժանի է բարձր գնահատականի։
Բարի երթ «Սաթամեան» թատերախումբին եւ թող 40-ամեակն ու արդիական թատերասրահը նոր աշխուժութիւն մտցնեն Փասատինայի եւ ոչ միայն Փասատինայի հայ կեանքէն ներս։
Հ.Ս.






