«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Հըզպալլա կուսակցութիւնը Հինգշաբթի քննադատեց վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրին նոր կառավարութեան մէջ սիւննի անկախ երեսփոխաններու ներկայացուցչութիւնը մերժելու համար:
«Սիւննի երեսփոխաններուն ներկայացուցչութեան ձեռք ձգման իրաւունքին ու պահանջին աջակցելու մեր պատրաստակամութիւնը քաղաքական ու բարոյական պարտաւորութիւն է: Մենք որեւէ հիմք չենք տեսներ այդ պահանջին չընդառաջելու համար»,- ըսուած է կուսակցութեան «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» պլոքի յայտարարութեան մէջ:






