«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի Հինգշաբթի կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլին խթանելու նոր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը:
«Ես անձամբ կոչ կ’ընեմ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլին ուղղակիօրէն ձեռնամուխ ըլլալու նոր կառավարութեան կազմաւորման փակուղիի վերացման ուղղուած աշխատանքներու մէջ»,- մէջբերուած է Ֆըրզլիի խօսքը խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէ ետք:






