«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Մոսկուայի «Երեւան բլազա» առեւտուրի կեդրոնին մէջ հաւանական պայթումի մասին ահազանգը կեղծ եղած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը յայտնէ «ՏԱՍՍ»ը:
«Մասնագէտները առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթուցիկ որեւէ սարք չեն յայտնաբերած»,- յայտնած է գործակալութեան զրուցակիցը:
Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ Մոսկուայի «Երեւան բլազա» առեւտուրի կեդրոնին մէջ հաւանական պայթումի մասին ահազանգի պատճառով կեդրոնէն բոլոր այցելուները կը տարհանուին:






