Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

ՀԱՊԿի Մէջ Նախագահութիւնը Ղազախիստանէն Փոխանցուած Է Ղրղզիստանին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ (ՀԱՊԿ) նախագահութիւնը Ղազախիստանէն փոխանցուած է Ղրղզիստանին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը յայտնէ ղրղզական «Vesti»ն:

Կազմակերպութեան 2019 թուականի նիստը տեղի կ’ունենայ Ղրղզիստանի մէջ:

Ասթանայի մէջ Նոյեմբեր 8ին մեկնարկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Պելառուսի, Ղազախիստանի, Ղրղզիստանի ու Տաճիկիստանի ղեկավարները:

Տեղի ունեցած է մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը, որուն մասնակցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեանը:

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները Նոյեմբեր 8ին Ասթանայի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովի ընթացքին կը քննարկեն կազմակերպութեան նոր գլխաւոր քարտուղարի հարցը, որ կը փոխարինէ պաշտօնէն ազատուած, Հայաստանը ներկայացնող Եուրի Խաչատուրովը: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին