Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հայաստան պատրա՞ստ է ընդունելու ԼԳԲՏ-ն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Նոյեմբերի կիսուն ԼԳԲՏ (լեսբուհի, գէյ, բիսեքսուալ և տրանսգենդեր) կամ մեր նեղ բառապաշարով՝ կէյերու համաժողով տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։ Եւ հիմա ամէն ինչ մէկ կողմ ձգած (Նոր Հայաստան մը իր նոր ցաւերով եւ երազներով), տարուած ենք մտածելու, խօսելու եւ կարծիք յայտնելու միասեռականներու կամ համասեռականներու մասին։

Եւ այսպէս, ի՞նչ իրաւունքներու մասին կը խօսին անոնք ընդհանրապէս։

Ա.- Սեռական յարաբերութիւններու ազատութիւն,

Բ.- Պաշտպանութիւն խտրականութենէ,

Գ.- Համասեռական ամուսնութեան իրաւունք,

Դ.- Երեխայ որդեգրելու իրաւունք,

Ե.- Կենսաբանական սեռը փոխելու իրաւունք։

Հայաստանի մէջ նոյնասեռականութիւնը օրինական վիճակ ստացած է 2003-էն իվեր։ Սակայն, անոնք տակաւին զգոյշ են եւ ազատօրէն չեն շփուիր հասարակութեան հետ. վերջինս իր մօտեցումով կը մնայ պահպանողական։

2017-էն իվեր Հայաստանի մէջ նոյնասեռ ամուսնութիւնը ընդունելի դարձած է։ Այո, օրէնքը կայ եւ ներկայիս արտասահմանէն գալով եւ նեցուկ կանգնելով իրենց քոյր-եղբայրներուն, ընկերային նոր խնդիրներ կը ստեղծեն արդէն իսկ ներքին հսկայական ցնցում ապրող Հայաստանի մէջ։

Անոնք որոնք ի ծնէ կենսաբանօրէն խնդիրներ ունին,– է՞գ են, թէ՞ արու,– բնականաբար դուրս են մեր տեսադաշտէն այս պահուն։ Անոնք այդպէս ծնած են եւ վերջ։ Մեր թիրախը ԼԳԲՏ-ի յաւելեալ ու ցուցադրական քարոզչութիւնն է Հայաստանի մէջ, կիսամերկ եւ անպատշաճ տեսարաններ սարքելով օր ցերեկով եւ… հրապարակայնօրէն։ Անոնք քանի մը օրէն պիտի գան… ու երթան Երեւանի փողոցներէն։ Պարզապէս, Հայաստանն ու հայաստանաբնակը այսօր պատրաստ չե՛ն ընդունելու նման «կուլտուրա»։ Թէ վաղը ի՞նչ կը բերէ, կ՚ապրինք, կը տեսնենք։

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին