«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» ՀՀ սահմանադրական օրէնքով սահմանուած՝ արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ կայացման գործառոյթները կազմակերպելու նպատակով կառավարութիւնը ընդունած է Ազգային ժողովի 2018ի Դեկտեմբեր 9ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ կայացման ծախսերը ֆինանսաւորելու մասին որոշում: Ըստ այնմ՝ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ կայացման ծախսերը ֆինանսաւորելու համար ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կը յատկացուի 2,707,144.2 դրամ, ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան՝ 10 մլն դրամ, ՀՀ ոստիկանութեան՝ 234,224,800 դրամ:
Արարատ Միրզոյեանը յաւելած է, որ, բացի նշուած գումարէն, ընտրութիւններու կազմակերպման եւ կայացման համար Հայաստանին ֆինանսական աջակցութեան ծրագիր կ’իրականացնէ նաեւ միջազգային հանրութիւնը՝ ՄԱԿի հովանիին ներքոյ: «Տարբեր դոնոր–պետութիւններ եւս մասնակցում են այս ծրագրին եւ հոգում են ծախսերի մի մասը, այդ թուում՝ տեսանկարահանող սարքերի տեղադրման, զանազան ուսուցողական նիւթերի հետ կապուած»,- նշած է ՀՀ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատարը եւ շնորհակալութիւն յայտնած միջազգային գործընկերներուն:






