Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Ուղերձ Մը Պատմութեան էջերէն

Քանի մը օր առաջ էր երբ նամակ մը ստացայ մեր եւ մեր թերթին անկեղծ   բարեկամ (միշտ բարին կամեցող), Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հպարտ շրջանաւարտ, Հայ Աւետարանական Գոլէճի արժանաւոր տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանէն: Ան գրած էր. «Առկից ՄԿՀ-ի (Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան – խմբ.) ԱՅԳ պարբերաթերթն է (1937), ուր հրատարակուած է Գերսամ Ահարոնեանի ուղերձը, իր շրջանաւարտութեան առթիւ (էջ 42 եւ 48)։ Կրնաք առիթով մը գործածել ։ Հաւանաբար նախապէս գործածուած չէ. գէթ ես տեղեակ չեմ։ Արմէն»:

Աւելի լաւ առիթ մը չկար սոյն ուղերձը վերահրատարակելու քան այս մեծ մարդուն ծննդեան տարեդարձին օրը (այսօր կը զուգադիպի Գերսամ Ահարոնեանի 102րդ տարեդարձը):

Այս առիթով, մեծապէս շնորհակալ ըլլալով Դոկտ. Իւրնէշլեանին այս գտածոն մեզի տրամադրելուն համար, մեր ընթերցողներուն կը յանձնենք մեր թուականէն 81 տարիներ առաջ գրուած ու արտասանուած խօսքերը, որոնք աւելի քան ժամանակակից են իրենց յոյզերով եւ որուն ընդմէջէն արդէն իսկ յստակ կը դառնայ «Զարթօնք»ի ապագայ մեծ խմբագրին խիզախ նկարագիրն ու կուռ գրիչի կարողութիւնները:

 

Խմբ.

Ազնուամեծար Տնօրէն,

Արժանապատիւ Հայր,

Յարգելի ուսուցիչներ եւ հանդիսականներ,

 

Բախտաւոր կը զգամ ինքզինքս այս պահուն, շրջանաւարտ ընկերներս փոխանորդելու եւ անոնց զգացումները ներկայացնելու պատիւը ընծայուած ըլլալուն համար ինծի թող ներուի սակայն, եթէ արժանաւորապէս չկարենամ թարգմանել անոնցմէ իւրաքանչիւրին զգացումները այս հանդիսաւոր առիթով, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ հարազատօրէն ճանչնալ եւ ներկայացնել իր ամէնէն մտերիմ իսկ զգացումներն ու յուզումները: Սակայն դժուար չէ գիտնալ թէ ինչ կը զգան ընտանիքի անդամները, երբ կեանքի հարկադրանքին տակ կը բաժնուին իրարմէ, գուցէ անդարձ: Ընտանիքի մը՝ որ ներդաշնակութիւն մը կը կազմէ իր անդամներուն գեղեցիկ համերաշխութեամբ, եւ որ կը կանգնի գաղափարական սրբազան գետնի մը վրայ, յառաջադրելով իտէալ մը որ կը ձգտի ապահովել ցեղին մշակութային նուաճումներն ու դիւրացնել կենսական պահանջքներուն հայթայթումը:

Սիրտի անկեղծ կսկիծով մըն է անշուշտ որ կը բաժնուինք այսօր այն յարկէն, որուն տակ տարիներ ամբողջ վայելեցինք հայրական խնամք, ուռճացանք միտքով, մարմինով ու բարոյականով, եւ ուր մեզմէ մեծեր ապահովաբար իրենց լաւագոյնը ըրին պատրաստուելու համար մեծ պայքարի, իտէալի հետապնդումին եւ կեանքի դժուարութիւնները նուաճելու վճռականութիւններով: Այժմ կանգնած կեանքի նոր հանգրուանի մը սեմին, ուր իւրաքանչիւրը մեզմէ պիտի հանդիսանայ առաջնորդն ու ղեկավարը իր սեփական կեանքին, ու մանաւանդ դեռատի ու ձեւընկալ ուրիշ կեանքերու, կը ձայնակցինք անմահն Վարուժանի հետ, յայտնելու համար թէ՝ մեզ իրենց հովանիին եւ շուքին տակ մեծցնողներուն հանդէպ պարտականութեան եւ երախտագիտութեան գիտակցութեամբ, կ’ուզենք «ելլե՜լ, ելլե՜լ կեանքի դէմ»: Կ’ուզենք կանգնիլ, առանձին դիմագրաւել կեանքի բոլոր պատահումները, եւ գիտակցօրէն հետապնդել այն վեհ նպատակը որ կը յառաջադրեն հաստատութիւնը, զայն հովանաւորող Միութիւնը եւ ազգը:

Գիտենք անշուշտ թէ մեր գոյութեան տխուր եւ արտակարգ պայմաններէն յառաջացող այլասերումին եւ ձուլումին դէմ դաստիարակութեամբ թումբ կանգնելու ասպարէզին պահանջած անթերի պատրաստութիւնը կը պակսի մեզի, սակայն գիտենք նաեւ թէ պարտականութեան գործադրութիւնը նոյնքան կախում ունի ոգիէն, կեցուածքի արիութենէն եւ վճռականութենէ, որքան զարգացումէն եւ պատրաստութենէն:
Օրինակը չի պակսիր մեզի: Ցարական Ռուսիան վճռեց եւ տասնեակ տարիներ աշխատեցաւ ռուսացնել, ձուլել Կովկասահայութիւնը: Ե՛ւ օր մըն ալ՝ յուսահատ եւ ճարահատ՝ երբ Կովկասի փոխարքան կը գոռար իր քարտուղարին թէ չեն կրնար գլուխ հանել՝ Ռուսացումը, քարտուղարը պատասխանեց՝ «Տուէք ինծի հայ ուսուցիչին նուիրումն ու եռանդը ունեցող ուսուցիչներ եւ ես տասը տարուան մէջ ամբողջ Կովկասը կը Ռուսացնեմ»: Ինչ մեծ խոստովանութիւն եւ գովասանք հայ ուսուցիչին ոգիին եւ նուիրումին:

Այսօր գաղութահայութիւնը կ’ապրի անօրինակ պայմաններ: Ազգային գոյութեան այս հրատապ հարցին պարտաւոր է պատասխանել հայ ուսուցիչը առաւել քան ոեւէ ուրիշ անհատ: Եթէ անիկա կրնայ օտարներու կողմէ ի գործ դրուած մշակութային եւ կրթական սեղմումներուն դէմ պատնէշ բարձրացնել եւ օր մը Թուրք, Յոյն թէ Պարսիկ պաշտօնեային ըսել տալ այն ինչ որ տարիներ առաջ հայ ուսուցիչը ըսել տուաւ Ցարին պաշտօնեային, այն ատեն է միայն որ յոյս կարելի է դնել պանդուխտ հայութեան բեկորներուն վրայ եւ վստահութեամբ նայիլ ապագային:
Հեռու մեզմէ յաւակնութիւնը՝ հարցին մօտենալու իր համազգային տարողութեան մէջ: Վստահ եմ, սակայն թէ իւրաքանչիւրը մեզմէ ունի պատրաստակամութիւն եւ զոհողութեան ոգի, ընելու համար իր կարելին, բերելու համար իր համեստ սակայն կարեւոր նպաստը՝ մեր հաւաքական ճիգին արդիւնաւորման: Չէ՞ որ կաթիլներն են որ կը կազմեն ջուրերը: Եւ չէ՞ որ այդ ջուրերուն մաքրութիւնը կամ պղտորութիւնը կը պայմանաւորուի կաթիլներուն յատկութիւններով: Արդ, բաւական է որ մեզմէ իւրաքանչիւրը գիտակցի իրեն բաժին ինկող մասնիկին կարեւորութեան: Հոգ չէ, անտեսուած գիւղ մը թող ըլլայ աշխատանքի դաշտը, կարեւորը այն չէ թէ փայլուն չէ ասպարէզը, այլ կարեւորը այն է թէ ինչ հունձ պիտի տայ արտը որուն սերմերը պիտի ցանուին եւ խնամուին մեզմէ իւրաքանչիւրին կողմէ: Իսկ ասոր համար պայման է ունենալ պարտականութեան գիտակցութիւնը: Գիտակցութիւն մը՝ որ կը բխի տարիներու ընթացքին մեզի ընծայուած թանկագին առիթներէն եւ մեր վրայ դրուած յոյսերուն արդար պահանջքէն:

Գաղթական հայ մանուկը կը սպասէ մեզի այսօր օտար երկինքներու տակ, լի խոստմնալից կարելիութիւններով եւ կարողութիւններով: Մեզի ընծայուած առիթով, անկէ պիտի կերտենք մտային, ֆիզիքական, թէ բարոյական գեղեցկութիւնը կամ հայը՝ անհարազատ, ընդունակ վատասերումի եւ կորստեան: Հարցը պարզ է. դրական պատասխանը պիտի տրուի տարիներու ընթացքին, մեզմէ ամէն մէկուն կողմէ առանձին: Այժմ, իբր կանխազգաց մխիթարութիւն, ունինք պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, վճռականութիւնն ու զոհողութեան ոգին եւ մինչեւ վերջը պատնէշին վրայ կենալու պատրաստակամութիւնը:

Այս հանդիսաւոր առիթով հաճոյք մըն է մեզի՝ կարենալ յայտնել մեր երախտագիտական անկեղծ զգացումները բոլոր անոնց որ մեր մէջ արթնցուցին եւ զարգացուցին այդ ոգին, որ իրենց լաւագոյնը ըրին ապահովելու համար մեր յաջողութիւնը՝ կեանքի ասպարէզին մէջ: Միտքի եւ սիրտի յարատեւ թելադրանքով մը պիտի յիշենք անսպառ ջանքն ու աշխատանքը մեր վրայ ՀԲԸՄիութեան, Հաստատութեան Պատուարժան Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Հրաժեշտի այս պահուն, չենք մոռնար նաեւ ըսել մեր կրտսեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, թէ իրենց հետ կապուած պիտի մնանք յիշատակներովը այն երջանիկ պահերուն որ անցուցինք միասին դպրոցական կեանքի ընթացքին, խաղավայրին վրայ, հանդէսներու առիթով, կամ անհատական շփումներու միջոցին: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին