Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Ճանապարհ՝ Հայաստան

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Դուրս եկանք Անիի մայր տաճարէն չորս կողմ դիտելու ու տեսութեան արժանի, կոտորածէ, աւերէ եւ փլուզումէ զերծ մնացած հնութիւն մը տեսնելու յոյսով: Քիչ մը հեռու կ՚երեւէր մզկիթի նման տուն մը իր մինարէթով, իսկ աւելի հեռուն՝ եկեղեցի մը: Մզկիթի կերպարը աւելի մօտիկ ըլլալով մօտեցանք անոր:

Իսլամական եւ մանաւանդ թրքական «բարի» սովորութիւնն է իւրացնել ուրիշին ունեցուածքը: Պատմութեան ընթացքին, 7-րդ դարէն սկսեալ, աշխարհ լուռ ու մունջ կամ մերթ ընդ մերթ ընդվզումով եւ ապարդիւն պայքարով դիմադրած է այս իրողութեան առանց կարենալ փրկելու կամ արգելք հանդիսանալու այս դժբախտ իրողութեան: Այսօր եւս, անդրադառնալով Եւրոպայի եւ Ամերիկայի տարածքներուն վրայ կատարուած այս նոյն իրողութեան, որ կ՚ընթանայ մէկ այլ կերպարով, տակաւին խոր մտահոգութեան ալիք չէ յարուցած կարգ մը «ազատամիտ» երկիրներու պետութեանց մօտ դժբախտաբար, որոնք կ՚անտեսեն պատմութիւնը եւ անոր հետեւանքները: Ասիոյ, Փոքր Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Եւրոպայի տարածքին, 13 դարերու երկարութեամբ, իսլամը գրաւած է, խլած եւ իւրացուցած քրիստոնեայ եկեղեցիներն ու վանքերը, մզկիթներու վերածելով զանոնք: Իսկ թուրքերը… արդէն գագաթնակէտին հասցուցած են այդ առաքինութիւնը, սկսելով Հայաստանէն մինչեւ Պոլիս եւ Սպանիա:

Հաւանաբար, ժամանակին մատուռ մը ըլլալու էր այդ մզկիթի վերածուած կառոյցը, կողքին կիսափլատակ մինարէթ մը տնկուած, որուն քարերը նոյն Անիի մայր տաճարի քարերէն էին, ինչպէս՝ քաղաքին բոլոր կառոյցները: Ուղղուեցանք դէպի կանգուն մնացած եկեղեցին: Փոքր եկեղեցի մըն էր, պահպանուած իր ներքին եւ արտաքին տեսքով, զարմանալիօրէն առանց մեծ աւերներու: Քրիստոնէական եւ հայկական փորագրութիւններն ու նկարները, որոշ չափով անվնաս մնացած էին, սակայն տարիներու ծանրոյթին եւ հնութեան ներքեւ չոքած եւ պղտորած: Հայկական կամարներու եւ ճարտարապետական կառոյցի հմտութիւնը կը ցայտէր ամէն մէկ սիւնի, կամարի ու խորանի խորքէն: Պտոյտը առաջնորդողը նշեց, թէ մէկ այլ եկեղեցիի մնացորդը կը գտնուէր այս եկեղեցիին կողքին, որուն հիմքի սիւները միայն կիսաքանդ մնացած էին: Հետաքրքրական էր իմանալ, թէ դարեր առաջ, հայ թագուհի մը կը յղանայ, ներկայ դարուս մտայնութեամբ,  սիւներու վրայ եկեղեցի մը կառուցելու  գաղափարը, որպէս մրցակցութիւն իր ամուսնոյն որ կառուցած էր Անիի մայր տաճարը: Դժբախտաբար սակայն, եկեղեցին երկար ժամանակ չի կրնար դիմանալ երկրաշարժերուն պատճառով: 

Մօտեցած էինք Ախուրեան գետի ափին եւ կը դիտէինք անդունդի եզրին, մեր եւ հանդիպակաց ափին, ժայռերու մէջ փորուած խոռոչները, որոնք հեռուէն կարծէք թռչուններու բոյներ ըլլային: Մեր առաջնորդին բացատրութեամբ, բացայայտուեցան թէ նախաքրիստոնէական շրջանին, անոնք գաղտնի քրիստոնեայ բնակիչներու թաքստոցներ եղած էին, պաշտպանուելու համար իրենց դէմ եղած հալածանքներէ եւ կոտորածէ: Իսկ Ախուրեանը՝ հանդարտ կը հոսէր վարէն, ոլոր մոլոր, պատմութեան էջերուն մէջ նոր օր մը եւս արձանագրելով, որուն էջերը ընթեռնելի էին միայն իրեն համար: Իր վրայով ձգուած քարաշէն կամուրջին ափերուն վրայի սիւները միայն մնացած էին, մեզի յիշեցնելու համար մետաքսեայ ճանապարհի հետքերը:

Մօտեցանք Անիի մուտքի պարիսպներու պատերուն, դուրս գալու համար: Տխուր էր տեսարանը ներքինի կողմէն: Կիսափլատակ պարիսպի շղթան կամարաձեւ կ՚երկարէր Ախուրեանի ափին, հիւսիսէն հարաւ, կռնակը ունենալով Ախուրեան գետը: Մեր ետին կը թողէինք հայոց Բագրատունեաց թագաւորութեան մարգարիտը՝ Անին… իր փառահեղ անցեալի յուշերով, լքուած եւ քանդուած, տափարակ դարձած եւ հողակոյտերու տակ թաղուած:

Պահ մը դադար առնելէ ետք, վերադարձանք ինքնաշարժ եւ ուղղուեցանք դէպի Վրաստան, ուրկէ պիտի անցնէինք Հայաստան:

Դժուար է կրկին նկարագրել Վրաստանի Ջաւախքի շրջանի այն նոյն ճանապարհը զոր ընտրեցինք մեր երթի ժամանակ: Բայց հասանք Ջաւախք, ուր կար հայութիւն. հայ ժողովուրդ մը, որ տոկուն է իր սարերուն նման, իր սովորութիւններով եւ բարք ու վարքով:

Կէս գիշեր էր, երբ հասանք Երեւան եւ յոգնած՝ հազիւ մտանք տուն:

Պատկերացուցէք եւ դատեցէք սիրելի ընթերցող: Կ՚արժէ՞ր կատարել նման պտոյտ մը քեզմէ խլուած երկրի մը, տան մը մէջ, ուր լեռները, դաշտերը, պուրակները, փլատակ եկեղեցիները, այն վեհաշուք բերդերն ու անդունդները որոնց քարերը պապանձած արձանիկներու նման կը դիտեն քեզ միաբերան, մէկ մարմնով: Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէին արդեօք: Կ՚անիծէի՞ն մեզ զիրենք լքելնուս համար, թէ՝ «ե՞րբ պիտի ազատէք մեզ» կը մրմնջէին, ու մենք չէինք լսեր:

Մեր կորսնցուցած հայրենիքն էր այդ որ չկրցանք պահել մեր ՀԱՅ ազգի զաւակներուն անտարբերութեան, անմիաբանութեան կամ՝ այլ …ութեանց պատճառներով:

Բայց, գոնէ հոգեպէս գոհացած էի իմ եւ ծնողքիս ապրումներով եւ վերապրումներով:

Շար. 13 եւ վերջ

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին