Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Իրաւաբաններ Լարա Գայայեանի եւ Ճոնաթան Ճենքինզի համաամերիկեան յաջողութիւնը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Լարա Գայայեան երիտասարդ իրաւաբան է, որ իր ամուսնոյն՝ իրաւաբան Ճոնաթան Ճենքինզի հետ հիմնած է “JENKINS KAYAYAN” փաստաբանական գրասենեակը 2012-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Գայայեան իրաւաբանութեան վկայականը ստացած է աշխարհահռչակ Եէյլի համալսարանի իրաւաբանութեան դպրոցէն (Yale Law School), իսկ մինչ այդ՝ անգլերէն գրականութեան վկայական՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (UCLA), գերազանց գնահատականներով։ Ծնունդով լիբանանահայ եւ զաւակը Թորոս եւ Մատլէն Գայայեաններու, Լարա Գայայեան երկրորդական ուսումը ստացած է Կիպրոսի ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս, աւարտելով անոր վեցամեայ ընթացքը բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ։

Ամուսինը՝ Ճոնաթան Ճենքինզ Հարվըրտի  (Harvard Law School) շրջանաւարտ է որպէս իրաւաբան, իսկ Եէյլի համալսարանէն (Yale University) ստացած է Տարրաբանութեան վկայական։ Ան գործօն անդամ է Լոս Անճելըսի Եէյլի շրջանաւարտներու միութեան, երկու տարի վարելով անոր նախագահի պարտականութիւնները։

Երկուքն ալ ասպարէզային իրենց փորձառութիւնը սկսած են միջազգային ճանաչում ունեցող “Latham & Watkins LLP”-ի մէջ։

2009-ին, իրաւաբան Լարա Գայայեան ընտրուեցաւ ընդհանուր պատասխանատուն եւ ամենաերիտասարդ փոխնախագահը  Home Savings of America-ի (HSOA), պետական խնայողական եւ փոխատուական ընկերակցութիւն մը, որ տարեկան յառաջ կը բերէր միլիարաւոր տոլարներ։ Լարա Գայայեան ղեկավարած է օրինական հարցերու ամբողջ բաժանմունքը։

2012-ին, Հայ Իրաւաբաններու միութիւնը Լարա Գայեայեանը անուանեց «Ամերիկայի լաւագոյն 20 իրաւաբաններէն մէկը՝ մինչեւ 40 տարեկաններու մէջ»։ Լարան ներկայիս մաս կը կազմէ Լոս Անճելըս գաւառի իրաւաբաններու միութեան դատական որոշումներու յանձնախումբին եւ Եէյլի իրաւաբան շրջանաւարտներու միութեան գործադիր կոմիտէին (Yale Law School’s Executive Committee)։

 

Յաջողութիւններ

2008-ին, ամերիկեան կեանքէն ներս տնտեսական անկումի շրջանին ծանր իրականութիւններու դիմաց գտնուեցան ընկերութիւններ եւ անհատներ։ CitiMortgage Inc. ընդդէմ Platinum Home Mortgage Corp.-ի դատի ընթացքին, առաջին կողմը դատի տուած էր երկրորդ կողմը, որ յաճախորդը կը հանդիսանար  “JENKINS KAYAYAN” ընկերութեան, Միզուրիի մէջ։ CitiMortgage միլիոնաւոր տոլարներու ետեւէ էր, որոնք ներկայացուցած էր եւ շահած նախորդ աւելի քան 30 այլ դատերու ընթացքին։ Սակայն, շնորհիւ “Jenkins  Kayayan” ընկերութեան երկու տարիներու աշխատանքին, ձախողութեան մատնուեցաւ CitiMortgage-ը եւ իրաւաբաններ Ճենքինզ եւ Գայայեան դարձան  առաջինը Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ յաղթական դուրս եկան Mortgage Repurchase Litigation-ի մէջ։

Այդ միակը չէր, ուր Լարան եւ Ճոնաթանը աննախընթաց յաջողութիւններ շնորհած են իրենց յաճախորդներուն։ Երբ Լարան HSOA-ի ընդհանուր պատասխանատու փաստաբանն էր, 2012-ին, ան առանձինը յաջողած էր դասաւորել 50 միլիոն տոլարի դատ մը Home Savings of America-ի դէմ։ Լարա Գայեայեանի աշխատանքին շնորհիւ գումարը նուազած էր քանի մը միլիոնի, որ ապահովագրութեան առաւելագոյն գումարն էր։

2013-ին, Residential Funding Company, LLC (RFC RESCAP) ընդդէմ Sierra Pacific Mortgage Company-ի դատին ընթացքին, “JENKINS KAYAYAN” կը ներկայացնէր երկրորդ կողմը, որ այդ տեսակի ընկերութիւններէն մեծագոյնն է Քալիֆորնիոյ մէջ։ Այս դատին մէջ, RFC RESCAP կը պահանջէր աւելի քան 100 միլիոն տոլար։ 2012-ին “JENKINS KAYAYAN” մեծ յաջողութեամբ պաշտպանեց իր յաճախորդը՝ Sierra Pacific Mortgage Company-ն։

Յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք կը մաղթենք երիտասարդ եւ հմուտ իրաւաբան Լարա Գայեայեանին եւ ամուսնոյն՝ Ճոնաթան Ճենքինզին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին