Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի եւ Մաշոտց քոլէճի միջեւ համագործակցութեան ծրագիր

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. –  Վերջերս, յատուկ առաքելութեամբ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան կը գտնուէր Արցախ, ուր Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի նախագահ Փրոֆ. Վարդան Յակոբեանի, դասախօսական կազմի եւ ուսանողութեան հետ ջերմ հանդիպումներ ունեցաւ: Այդ հանդիպումներուն հետեւանքով ստորագրուեցաւ փոխգործակցութեան պայմանագիր:

Երկու կողմերը միջազգային ակադեմական համագործակցութեան օժանդակելու համար պիտի ծաւալեն հետեւեալ գործունէութիւնը.

– Կրթական նիւթերու, հետազօտութիւններու, ակադեմական տեղեկատուութեան փոխանակում:

– Ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակում:

– Միացեալ հետազօտական գործունէութիւն:

– Միջազգային գագաթնաժողովներ:

– Իրագործել համատեղ նախագիծեր եւ ծրագրեր՝ կապուած միջազգային կրթութեան հետ:

Առաջին դասախօսը որ Արցախ գործուղուեցաւ Մաշտոց քոլէճի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Պրն. Յովսէփ Նալպանտեանն էր, որ Սփիւռքի պատմութեան եւ գրականութեան նիւթերով դասախօսեց Ս. Գր. Նարեկացիի անունը կրող համալսարանին մէջ:

Համալսարանի նախագահ Փրոֆ. Վարդան Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց շեշտելով կարեւորութիւնը համագործակցութեան հոյակապ պայմանագրով:

Այս առիթով Դոկտ. Տէր Եղիայեան յայտնեց իր անխառն ուրախութիւնը, նկատի ունենալով, որ Մաշտոց քոլէճը կը հանդիսանայ առաջին կրթական բարձրագոյն հաստատութիւնը, որ համագործակցութեան պայմանագիր կը ստորագրէ Արցախի միակ պետական ճանաչում վայելով համալսարանին հետ, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ սատարելու Արցախի հերոս ժողովուրդի զաւակներուն ազգակրթական վերելքին:

Նկար

Գ. Նարեկացի համալսարան, Արցախ. ձախէն՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, Տոքթ. եւ Տիկ. Յակոբ Այնթապլեան, աջէն երկրորդը՝ Դոկտ. Վարդան Յակոբեան եւ համալսարանի դասախօսուհիներ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին