Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ «Զարթօնք» Մատենաշարի Հիմնադրութեան Առիթով

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ

Լիբանանը ինչպէս հայկական սփիւռքի համար, նաեւ մեր կազմակերպութեան համար միշտ ալ եղած է բաբախուն սիրտը:

Մեր կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակը միշտ եղած է եւ կը շարուանկէ ըլլալ ամէնաաշխոյժներէն: Մեր կազմակերպութեան մշակութային երեսը լաւագոյնս արտացոլացնող՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը հոն է, որ հիմնուած է ու անկէ տարածուած: Այնտեղ հիմնուած ու հրատարակուած է ԹՄՄի «Շիրակ» գրականութեան եւ արուեստի ամսագիրը: Ռամկավար ազատական մամուլի յառաջատարներէն՝ «Զարթօնք»ը, օրաթերթի իրավիճակի մէջ տակաւին տոկացող միակը այսօր, Լիբանանէն է, որ լոյս կը տեսնէ որպէս պաշտօնաթերթը ՌԱԿի եւ հրատարակութիւնը կուսակցապատկան Շիրակ ընկերակցութեան:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ, հայկական աւանդութիւններու եւ արժէքներու պահպանաման ոչ լաւագոյն այս օրերուն, մեզի համար անակնկալ մը չէր բնաւ, որ նոր նախաձեռնութիւն մը Լիբանանէն ձայն կու տար դարձեալ:

Հայ քաղաքական միտքի աւելի եւս զարգացման ու Հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման մեր առաքելութեան ճամբուն վրայ այսօր նոր զինուոր մըն ալ կ՛աւելնայ՝ «Զարթօնք» Մատենաշարը:

Այս առիթով մեծապէս կը շնորհաւորենք անոր ծնունդ տուողները, անոր գաղափարին ու իրականացման ետին կանգնողները, լիբանանահայ մեր ընկերներն ու բարեկամները եւ Հայ ժողովուրդի ընթերցասէր զաւակները ընդհանրապէս:

Թող, որ յաւերժ ապրի մեր ժողովուրդը իր գրականութեամբ եւ լեզուով: Վարձքը կատար անոր նուիրեալներուն:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Կեդրոնական Վարչութեան

Ատենապետ

ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին