«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Լիբանանի Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութիւնը դարձեալ պիտի երաշխաւորէ խումբ մը գաղթականներու ապահով վերադարձը Սուրիա: Ինչպէս կը հաղորդեն գործակալութենէն, տունդարձը տեղի պիտի ունենայ այսօր:
Նշենք, որ տունդարձի գործընթացը պիտի մեկնարկէ առաւօտեան ժամը 6ին, հանրակառքերը պիտի ուղեւորուին Լիբանանի տարածքին նախատեսուած զանազան հաւաքակայաններէ, նախքան Մասնաա, Ապպուտիէ եւ Ալ Զամարանի սահմանային անցակէտերու հատումը:






