Թարգմանչաց տօնը նախախնամութեան տնօրինութեամբ կը համընկնի Հոկտեմբեր ամսուան` կրթական տարեշրջանի սեմին, եւ այսպէս Հայ դպրոցը կը վերամկրտուի Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով եւ կը գօտեպնդուի իր ազգային ինքնուրոյն պատկանելիութեամբ։
Հայ դպրոցը հայ լեզուի եւ պատմութեան ուսուցման կողքին իր առաքելութեամբ կը յիշատակէ եկեղեցական եւ ազգային տօներ, որոնք կը տօնախմբուին աշակերտական յատուկ հանդէսներով եւ անոնց ընդմէջէն հայ աշակերտին հոգիին ու մտքին մէջ կը թրծուին քրիստոսաւանդ կրօնքն ու ազգային ոգին։
Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 30 Հոկտեմբեր 2018ին յիշատակեց Թարգմանչաց տօնը, հանդիսասրահի բեմը ստացած էր օրուան խորհուրդը փոխանցող յատուկ գրաւչութիւն, ուր նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու աշակերտները թատերական ներկայացումի իւրայատուկ ոճով եւ գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին Թարգմանչաց խորհուրդը, հայ լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, խմբային երգերով, որոնք ընդելուզուած էին ջութակի եւ դաշնակի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռներով եւ գաւառական պարով։
Հանդիսութեան ներկայ էին վարժարանիս տնօրէնութեան խորհուրդի ու ծնողաց վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը։
Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս տնօրէնուհի առաքինափայլ քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեր առաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդը, որ հայ դպրոցին համար անժխտելի «ուխտի օր» է հաւատարիմ մնալու մեր մեծասքանչին, երկնատուր մեր այբուբենին, Թագուհի Թարգմանչաց` Սուրբ Գիրքին, հաւատարիմ մեր առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցին, քրիստոնէական մեր կրօնին, Հայ եկեղեցւոյ, հայու մեր ինքնութեան, եւ այսու մնալ միշտ պատուաբեր հարազատ զաւակները Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին։
Ապա քոյր Մակարոսեանը ջերմօրէն գնահատեց հայ լեզուի ուսուցչուհիները, որոնք բծախնդրօրէն պատրաստեր էին օրուան յայտագիրը, ինչպէս նաեւ աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք անթերի ապրումներով արժեցուցեր էին իրենց գիտելիքները ու փոխանցեր օրուան խորհուրդը։
Կ.Գ.