Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Boeingը Տուիչներու Հաւանական Սխալի Մասին Նախազգուշացում Կատարած Է Ինտոնեզիայի Աղէտէն Ետք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Boeingը իր ինքնաթիռները օգտագործող ընկերութիւններուն օդաչուներու համար նախատեսուած հրահանգ ուղարկած է համակարգային անսարքութեան յառաջացման պարագային, որ, հետաքննութեան վարկածով՝ յանգեցուցած է անցեալ ամիս Ինտոնեզիայի Lion Air օդագնացական ընկերութեան Boeing 737 Max 8 հանրանաւի կործանման: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ըսուած է Նոյեմբեր 7ին Boeingի կայքին մէջ հրապարակուած մամուլի տեղեկագիրին մէջ:

«Boeingը Նոյեմբեր 6ին գործարկուները ուղարկած է օդագնացական շահագործման հրահանգ, ուր անձնակազմին ցուցումներ կը տրուին այն պարագաներու խնդիրներու լուծման գործող ընթացակարգերու մասին, որոնք կը ծագին գրոհի անկեան տուիչներէն սխալ տուեալներ հաղորդելու ժամանակ»,- տեղեկացուցած է ընկերութիւնը:

Նոյեմբեր 5ին Ինտոնեզիայի փոխադրամիջոցներու անվտանգութեան ապահովման կոմիտէի ղեկավար Սոյերճանթօ Թաճահոնօն յայտարարած էր, որ Lion Airի ինքնաթիռին մէջ վերջին չորս չուերթներու ընթացքին թռիչքի արագութեան տուիչի հետ կապուած խնդիրներ եղած են, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին