«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Boeingը իր ինքնաթիռները օգտագործող ընկերութիւններուն օդաչուներու համար նախատեսուած հրահանգ ուղարկած է համակարգային անսարքութեան յառաջացման պարագային, որ, հետաքննութեան վարկածով՝ յանգեցուցած է անցեալ ամիս Ինտոնեզիայի Lion Air օդագնացական ընկերութեան Boeing 737 Max 8 հանրանաւի կործանման: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ըսուած է Նոյեմբեր 7ին Boeingի կայքին մէջ հրապարակուած մամուլի տեղեկագիրին մէջ:
«Boeingը Նոյեմբեր 6ին գործարկուները ուղարկած է օդագնացական շահագործման հրահանգ, ուր անձնակազմին ցուցումներ կը տրուին այն պարագաներու խնդիրներու լուծման գործող ընթացակարգերու մասին, որոնք կը ծագին գրոհի անկեան տուիչներէն սխալ տուեալներ հաղորդելու ժամանակ»,- տեղեկացուցած է ընկերութիւնը:
Նոյեմբեր 5ին Ինտոնեզիայի փոխադրամիջոցներու անվտանգութեան ապահովման կոմիտէի ղեկավար Սոյերճանթօ Թաճահոնօն յայտարարած էր, որ Lion Airի ինքնաթիռին մէջ վերջին չորս չուերթներու ընթացքին թռիչքի արագութեան տուիչի հետ կապուած խնդիրներ եղած են, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը:






