Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Վերա Սահակեան Մատենադարանի Ցեղասպանութեան Վաւերագրերը Ներկայացուց Քուինս Համալսարանի Գիտաժողովին

29 Հոկտեմբեր-1 Նոյեմբեր 2018 թուականներուն Նի Եորքի Քուինս համալսարանի մէջ կայացաւ Ցեղաբանական եւ կրօնական հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղաշինութեան 2018ի ամէնամեայ միջազգային հինգերորդ գիտաժողովը («2018 Annual International Conference on Ethnic and Religious Conflict Resolution Peacebuilding»):
Գիտաժողովի եռօրեայ նիստերու ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 93 զեկուցողներ ներկայացուցին իրենց ուսումնասիրութիւնները, որոնք մատնանշեցին հակամարտութիւններու, ցեղաբանական կամ կրօնական անհանդուրժողականութենէ բխող խնդիրներու առնչութեամբ լուծման ուղղուած տեսակէտներ, եզրակացութիւններ ու առաջարկներ:
Գիտաժողովին մասնակցելու համար Հայաստանէն ժամանած էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Արաբատառ ձեռագրերու նկարագրութեան եւ գիտական թարգմանութեան բաժնի կրտսեր գիտաշխատող Վերա Սահակեան: Ան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Մատենադարանին մէջ պահուող օսմանեան վաւերագիրերէն՝ առանձնացնելով մէկը՝ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան բացառիկ վկայութիւն: Սահակեան ներկայացուց նաեւ Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւներէն ձեռք բերուած նոյնիմաստ վաւերագիրեր, որոնք կը կրէին հայ որբերու բռնի կրօնափոխութեան մասին գաղտնի հրահանգներ:
Ցեղաբանական եւ կրօնական հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղաշինութեան 2018ի միջազգային գիտաժողովի նախագահը իր շնորհակալութեան խօսքի ընթացքին յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մաշտոցի անուան Մատերադարանին, որուն միջնորդութեամբ Հայաստանը իր աջակցութիւնը բերած էր միջազգային խաղաղաշինութեան ուղղուած այս նախաձեռնութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին