ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ
Լիբանանը ինչպէս հայկական սփիւռքի համար, նաեւ մեր կազմակերպութեան համար միշտ ալ եղած է բաբախուն սիրտը:
Մեր կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակը միշտ եղած է եւ կը շարուանկէ ըլլալ ամէնաաշխոյժներէն: Մեր կազմակերպութեան մշակութային երեսը լաւագոյնս արտացոլացնող՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը հոն է, որ հիմնուած է ու անկէ տարածուած: Այնտեղ հիմնուած ու հրատարակուած է ԹՄՄի «Շիրակ» գրականութեան եւ արուեստի ամսագիրը: Ռամկավար ազատական մամուլի յառաջատարներէն՝ «Զարթօնք»ը, օրաթերթի իրավիճակի մէջ տակաւին տոկացող միակը այսօր, Լիբանանէն է, որ լոյս կը տեսնէ որպէս պաշտօնաթերթը ՌԱԿի եւ հրատարակութիւնը կուսակցապատկան Շիրակ ընկերակցութեան:
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ, հայկական աւանդութիւններու եւ արժէքներու պահպանաման ոչ լաւագոյն այս օրերուն, մեզի համար անակնկալ մը չէր բնաւ, որ նոր նախաձեռնութիւն մը Լիբանանէն ձայն կու տար դարձեալ:
Հայ քաղաքական միտքի աւելի եւս զարգացման ու Հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման մեր առաքելութեան ճամբուն վրայ այսօր նոր զինուոր մըն ալ կ՛աւելնայ՝ «Զարթօնք» Մատենաշարը:
Այս առիթով մեծապէս կը շնորհաւորենք անոր ծնունդ տուողները, անոր գաղափարին ու իրականացման ետին կանգնողները, լիբանանահայ մեր ընկերներն ու բարեկամները եւ Հայ ժողովուրդի ընթերցասէր զաւակները ընդհանրապէս:
Թող, որ յաւերժ ապրի մեր ժողովուրդը իր գրականութեամբ եւ լեզուով: Վարձքը կատար անոր նուիրեալներուն:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութեան
Ատենապետ
ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ