Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի «Բազմավէպ»ի 175Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովին

19 եւ 20 Հոկտեմբեր 2018ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի 175ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը՝ կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային եւ Մխիթարեան միաբանութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած եւ գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած էր Կաթողիկոսարանիս կրթական-հայագիտական կեդրոնի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան։

Բացման նիստին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը ընթերցեց Ժիրայր Դանիէլեանը։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ կը դրուատէ «Բազմավէպ»ի 175ամեայ իրագործումները հայագիտական, բանասիրական եւ գրական բնագաւառներուն մէջ՝ նշելով, որ թէեւ «Բազմավէպ»ի նախաձեռնութիւնն ու հովանաւորութիւնը կը պատկանին Մխիթարեան միաբանութեան, սակայն հանդէսը հայագիտական բարձրորակ ամպիոն է գիտական աշխատանքներու եւ բանասիրական պրպտումներու:

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ Մխիթարեան միաբանութեան կարեւոր դերին հայագիտական մարզէն ներս՝ յայտնելով. « «Բազմավէպ»ը մնայուն ներկայութիւն դարձած է հայագէտներու սեղաններուն վրայ ու հայագիտական կեդրոններու մատենադարաններուն մէջ: Մենք անձնապէս, Դպրեվանքի թէ՛ համալսարանի մէջ մեր ուսանողութեան օրերուն, առիթը ունեցած ենք դիմելու «Բազմավէպ»ի մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութիւններուն»:

Անդրադառնալով ժամանակակից մտահոգութիւններու՝ Վեհափառը կ՚ընդգծէ. «Ներկայ պայմաններու ազդեցութեան տակ հայագիտութեան նկատմամբ տակաւ նուազող հետաքրքրութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ անհրաժեշտ է, որ շրջուի: Հայագիտութեան դաշտէն ներս տակաւին անկոխ գետիններ եւ պրպտումի ու քննարկումի կարօտ նիւթեր գոյութիւն ունին: Անհրաժեշտ է, որ անոնք լուրջ ուսումնասիրութեան ենթարկուին: Չսպասենք, որ միայն օտարներ կատարեն այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը, որքան ալ գնահատելի ըլլայ իրենց նպաստը հայագիտութեան: Սա առաջին հերթին մեր հոգեւորականներուն ու հայագէտներուն պարտաւորութիւնն է: Արդ, սպասելի է, որ «Բազմավէպ»ը վերանորոգ նուիրումով շարունակէ իր կարեւոր ներդրումը հայագիտութեան»:

Երկօրեայ գիտաժողովին ընթացքին, Ժիրայր Դանիէլեան ելոյթ ունեցաւ «Հայ լրագրութեան առաջին պատմաբանը» թեմայով, ուր բացայայտեց, որ «Բազմավէպ»ի առաջին խմբագիր Հայր Գաբրիէլ Այվազովսկին հայ լրագրութեան առաջին պատմաբանն է շնորհիւ իր անստորագիր երկու մատենագիտական յօդուածներուն, որոնք լոյս տեսած են հանդէսին առաջին տարիներուն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին